Հոկտեմբեր 5-ին, Սերգեյ Փարաճանովի ծննդեան 100-ամեակին առիթով, Մոսկուայի «Ռուսաստանի բանակի կեդրոնական տան» մէջ ծայր առած է «Parajanov-fest» համառուսաստանեան փառատօնը, որ կազմակերպուած է Մոսկուայի «Փարաճանով» թատրոնի, Ռուսաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան եւ Ռուսաստանի Մշակոյթի նախարարութեան միացեալ ջանքերով։
Փառատօնը սկսած է «Փարաճանովի ստուերները» ցուցահանդէսով, ուր ներկայացուած են ժամանակակից արուեստագէտներու 100 աշխատանքները։ Ցուցադրուած է նաեւ «Տէրեան» մշակութային կեդրոնի ղեկավար Լիլիթ Մելիքեանի «Փարաճանովի եօթը խորհրդանիշ» հեղինակային հաւաքածոն։
Բացման արարողութեան կարդացուած է Ռուսաստանի Մշակոյթի նախարար Օլկա Լիուպիմովայի ուղերձը:
Փառատօնի շրջանակին մէջ պիտի բացուի նաեւ «Վենետիկի նուէրները Սերգեյ Փարաճանովին» լուսանկարչական ցուցահանդէսը՝ ընդգրկելով յայտնի լուսանկարիչներու եւ Փարաճանովի ընկերներու գործերը։
Փառատօնը կ՚եզրափակուի Հոկտեմբեր 30-ին՝ կալա-համերգով։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։