Search
Close this search box.

ՄՈՍԿՈՒԱ – Փաշինեան. «Մենք պատրաստ ենք այս ամիս իսկ խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու Ազերպայճանի հետ»

Հոկտեմբեր 8-ին, Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած ԱՊՀ-ի երկիրներու ղեկավարներու խորհուրդի սեղմ կազմով նիստին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան իր ելոյթին յայտարարած է, թէ Հայաստան պատրաստ է այս ամիս իսկ խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու Ազերպայճանի հետ։

“Այս տարի մենք շօշափելի յառաջընթաց արձանագրեցինք հայ-ազերպայճանական պետական սահմանի զատման հոլովոյթին մէջ եւ յատկապէս, Ալմաթիի 1991-ի հռչակագրի հիման վրայ Հայաստանի ու Ազերպայճանի միջեւ սահմանի երեք հատուածներուն մէջ իրականացուեցաւ սահմանի զատում։ Այժմ այդ շրջաններուն մէջ խորհրդային ժամանակաշրջանի միջհանրապետական վարչական սահմանը արդէն կը գործէ իբրեւ միջպետական սահման։ Սա, անկասկած, յաջողութեան օրինակ է։

Մէկ այլ կարեւոր իրադարձութիւն տեղի ունեցաւ այս տարուան Օգոստոս 30-ին, երբ ստորագրուեցաւ երկու երկիրներու միջեւ սահմանի զատման հարցերու յանձնախումբերու միատեղ գործունէութեան մասին կանոնակարգը։

Հայաստանի մէջ իր աւարտին կը հասնի այս փաստաթուղթի ընդունման ներքին պետական ընթացակարգերու աշխատանքը եւ շուտով Հայաստանի խորհրդարանը կը քննարկէ այս փաստաթուղթի վաւերացման հարցը։ 

Կարեւոր է նշել, որ Հայաստանի Սահմանադրական դատարանը արդէն հաստատած է ստորագրուած կանոնակարգի համապատասխանութիւնը՝ Հայաստանի Սահմանադրութեան, որ կը նշանակէ թէ Ազերպայճանի տարածքային ամբողջականութեան ճանաչումը Հայաստանի կառավարութեան կողմէ Ալմաթիի հռչակագրի հիման վրայ, որ կ՚ենթադրէ Խորհրդային Ազերպայճանի ամբողջ տարածքը սահմանադրական է, որ իր կարգին կը նշանակէ, թէ Հայաստանի Սահմանադրութեան մէջ Ազերպայճանի կամ որեւէ այլ երկրի հանդէպ տարածքային պահանջներ չկան”,– յայտարարած է Փաշինեան, աւելցնելով.

“Մենք կը մեկնինք ա՛յն ամուր համոզումէն, որ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ խաղաղութիւնը ոչ միայն կարելի է, այլեւ՝ հասանելի”: