Search
Close this search box.

Յակոբ Չոլաքեանի «Փլող դպրոցները»

Օգոստոս 13-ին, Քեսապի Հայ աւետարանական «Միսաքեան» մշակութային կեդրոնի նորոգուած կամարներուն տակ տեղի ունեցած է հանդիպում մը քեսապահայ հանրածանօթ հայագէտ դոկտ. Յակոբ Չոլաքեանի հետ: Առիթը անոր վերջին հրատարակութիւնն էր` «Փլող դպրոցները»: Ձեռնարկին ներկայ գտնուած են` քահանայ հայրեր, գիւղապետը եւ տարբեր վայրերէ ժամանած մշակութասէր բազմութիւն մը:

Պատուելի Շանթ Ակիշեան բարի գալուստի խօսք ուղղած է ներկաներուն: Գիրքէն հատուածներ կարդացած են Շաղիկ Թիթիզեան, Մարիանա Ակիշեան եւ Անի Պոյմուշաքեան: Հեղինակն ու գործը ներկայացուցած է Սալբի Թիթիզեան: Այնուհետեւ Յակոբ Չոլաքեան խօսք առած ու պատասխանած է իրեն ուղղուած հարցումներուն:

Գիրքը լոյս տեսած է Երեւանի «Էդիթ Պրինտ» հրատարակչատունէն, Յակոբ Գ. Յակոբեանի մեկենասութեամբ: Սրբագրութիւնը կատարած են Գէորգ Եազըճեան ու Փառէն Յովսէփեան: Ձեւաւորումը՝ Հեղինէ Փիլոյեանի, կողքի նկարները պատրաստած է՝ Աւետիս Գրիգորեան, կողքի ձեւաւորումը՝ Արաբօ Սարգսեանի:

Հատորը կը բաղկանայ 180 էջերէ: Գիրքին մէջ տեղ գտած են 35 պատումներ, ուր հեղինակը գեղարուեստական կերպով ներկայացուցած է իր մանկութեան եւ պատանեկութեան օրերը ծննդավայրէն՝ Գարատուրանի մէջ, Քեսապ հայաւանէն ներս: