Search
Close this search box.

Յատուկ ջոկատայինները ներխուժած են Երեւանի մէջ Արցախի ներկայացուցչութիւն, կոտրած են դարպասը՝ առգրաւելու համար նախագահին ըստ երեւոյթին կնքուած կառքը

Ոստիկանութեան յատուկ ուժերը Արցախի նախագահ Սամուէլ Շահրամանեանի կառքը,– որ ըստ երեւոյթին քանի մը օրէ ի վեր կնքուած էր,– առգրաւելու նպատակով Յունիս 21-ին ներխուժած են Երեւանի մէջ Արցախի ներկայացուցչութիւն։

Արցախի նախագահ Սամուէլ Շահրամանեանի փաստաբան Ռոման Երիցեան հաղորդած է, թէ «այս ամէնը տեղի կ՚ունենայ Շահրամանեանի հարցազրոյցէն ետք, ուր ան պնդած էր, որ արցախցիներու նկատմամբ ճնշումներ կը գործադրուին»։

“Նախագահի հարցազրոյցից յետոյ եկել են մեքենան ջարդել ու վերցրել, գնացել։ Այս ամէնը արել են առանց փաստաբանի ներկայութեան։ Մենք նախագահի հետ հարցաքննութեան էինք, երբ հաղորդեցին, որ ներկայացուցչութեան դռները կոտրտում են, որ մեքենան տանեն։

Դա ոստիկանութեան յատուկ ջոկատայիններն էին։ Քննիչները, անվտանգութեան աշխատակիցները, քրէական հետախուզութեան աշխատակիցները ճանապարհները փակել էին, որ ո՛չ ոք չխոչընդոտի այս ամէնը”,– նշած է ան։

Հայաստանի Քննչական կոմիտէի նախագահի մամլոյ քարտուղար Գոռ Աբրահամեան այս կապակցութեամբ յայտնած է, որ Յունիս 7-ին քննիչը գացած էր նշեալ վայր՝ քննչական գործողութիւններ իրականացնելու եւ «Թոյոթա» մակնիշի կառքը առգրաւելու վերաբերեալ։

“Քննիչի կողմից մեքենան կնքուել էր, սակայն հնարաւոր չէր եղել տեղափոխել յատուկ պահպանուող տարածք, քանի որ հրաժարուել էին դարպասները բացել։ Այդ գործողութիւնը կատարուել է այսօր։ Իրաւաչափութեան հետ կապուած որեւէ խնդիր չկայ։ Եթէ նրանք իրաւաչափութեան խնդիր են տեսնում, ապա առանց կաշկանդուելու կարող են իրաւական ընթացակարգ ապահովել դրա կապակցութեամբ”,– ըսած է ան։

Բագրատ Սրբազան իր կառքը կը նուիրէ Արցախի ներկայացուցչութեան

«Տեղի ունեցածը անընդունելի է ու դատապարտելի» 

Նոյն օրը երեկոյեան, Բագրատ Սրբազան այցելած է Երեւանի մէջ Արցախի ներկայացուցչութիւն։ Զինք դիմաւորած է Արցախի նախագահ Սամուէլ Շահրամանեան։ Սրբազան հայրը անդրադառնալով նախագահին կառքը առգրաւելու առտուան գործողութիւններուն, յայտարարած է, թէ իր կառքը կը նուիրէ Ներկայացուցչութեան՝ ժողովուրդի ծառայութեան համար։

Շահրամանեան շնորհակալութիւն յայտնած է, նշելով թէ «դրա կարիքը չկայ»։

“Տեղի ունեցածը անընդունելի է ու դատապարտելի։ Սա յստակ ուղերձ պէտք է լինի այն մարդկանց, ովքեր չնչին, աժան տարբերակով փորձում են որեւէ ձեւով ճնշում բանեցնել”,– յայտնած է Բագրատ Սրբազան։