Search
Close this search box.

ՅՈՒՆԱՍՏԱՆ. Դեսպան Մկրտչեան հայ ժողովուրդի պատմութեան եւ մշակոյթին վերաբերեալ գիրքեր նուիրած է Յունաստանի ազգային գրադարանին

Յունաստանի մէջ ՀՀ դեսպան Տիգրան Մկրտչեան այցելած է Յունաստանի ազգային գրադարան եւ հանդիպում ունեցած գրադարանի տնօրէն Սթավրոս Զումպուլաքիսի հետ:

Դեսպանը գրադարանին մէջ ծանօթացած է այնտեղ պահուող գրականութեան, հրատարակութիւններուն, բացառիկ գիրքերուն, ինչպէս նաեւ ելեկտրոնային եղանակով ընթերցողներու սպասարկման կազմակերպման գործընթացին:

Հանդիպումին, զրուցակիցները ընդգծած են միջգրադարանային համագործակցութեան, շփումներու, փոխադարձ այցելութիւններու եւ փորձառութեան փոխանակման կարեւորութիւնը` միջմշակութային եւ կրթական կապերու ամրապնդման եւ զարգացման գործին մէջ:

Կողմերը քննարկած են միասնական ծրագրեր մշակելու հեռանկարները։

Դեսպան Մկրտչեան Յունաստանի ազգային գրադարանին նուիրած է շարք մը գիրքեր՝ Հայոց ցեղասպանութեան պատմութեան, հայ ժողովուրդի պատմութեան եւ մշակոյթին վերաբերեալ, յոյս յայտնելով որ՝ հատորները իրենց արժանի տեղը կը գտնեն Յունաստանի ազգային գրադարանին մէջ: