Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան,– որ աշխատանքային այցով Յունաստան կը գտնուի,– Աթէնքի մէջ հանդիպում ունեցած է իր պաշտօնակից Նիքոս Տենտիասի հետ:
Հանդիպումին երկուստեք անդրադարձած են երկկողմ յարաբերութիւններուն, կովկասեան տարածաշրջանի վերջին զարգացումներուն, ինչպէս նաեւ Ուքրաինայի իրադրութեան: Նախարարները վերահաստատած են յոյնեւհայկական բարեկամութիւնն ու պատմական խոր կապերը:
Միրզոյեանի եւ Տենտիասի միջեւ ստորագրուած է Եւրոպական Միութեան առնչուող հարցերու վերաբերեալ փոխըմբռնման յուշագիր մը:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։