Search
Close this search box.

Յունաստանի Արտաքին գործոց նախարար. «Կարեւոր է օգնել մեր դաշնակից երկրին՝ միջազգային բոլոր հարթակներու վրայ»

 

Յունաստանի Արտաքին գործոց նախարար Կիորկոս Կերափեթրիթիս  Յունուար 10-ին Հայաստան այցելած է։ Նոյն օրը, իր պաշտօնական այցելութեան աւարտին, յունական հանրային ERT հեռատեսիլի լրագրողին հետ հարցազրոյցին ան յայտարարած է.

“Այսօր ես կարելիութիւնն ունեցայ այցելելու Հայաստան եւ հանդիպում ունենալու վարչապետին, Արտաքին գործոց նախարարին եւ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարին հետ։

Յունաստան Հայաստանի հետ պատմական կապեր ունի, դարերու պատմութիւն ունեցող կապեր։ Ան մեզի բարեկամ երկիր մըն է։ Յունաստան, այս նոյն յաւերժական բարեկամութեան համածիրին մէջ, միշտ հոգ կը տանի Հայաստանին ապահովելու անհրաժեշտ զօրակցութիւնն ու անվտանգութիւնը։ Յատկապէս այս ժամանակաշրջանին, երբ Հարաւային Կովկասի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններու պատճառով անոր տարածքային ամբողջականութիւնը լուրջ ճնշումի տակ է։

Մասնաւորապէս կարեւոր է թէ՛ իբրեւ խորհրդանիշ, թէ՛ ալ իբրեւ Յունաստանի անունով Հայաստանին լաւ ծառայութիւններու մատուցում, օգնել մեր բարեկամ եւ դաշնակից երկրին՝ միջազգային բոլոր հարթակներու վրայ, Եւրոպական Միութեան, ինչպէս նաեւ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի մէջ՝ համաշխարհային մշակութային ժառանգութեան պահպանման համար, եւ հոն ուր պահանջը կայ՝ գտնել լուծում մը, որ պիտի ըլլայ արդար, կայուն եւ պիտի յարգէ տարածքային ամբողջականութեան, սահմաններու անձեռնմխելիութեան մասին ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան սկզբունքները։ 

Յունական կառավարութեան եւ յունական պետութեան համար սկզբունքային է աջակցութիւն ցուցաբերել անոր, որ ենթակայ է յարձակման սպառնալիքի”:

Յունաստան կ՚աջակցի Արցախէն բռնի տեղահանուածներուն

Յոյն նախարարը նոյն օրը իր պաշտօնակից Արարատ Միրզոյեանի հետ հանդիպումէն ետք տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին յայտնած է, թէ Յունաստան շուտով պիտի գանձատրէ ծրագիր մը՝ Արցախէն բռնի տեղահանուածներուն օժանդակելու նպատակով։ “Ան կը վերաբերի Արցախցիներու կարիքներու հոգածութեան, յատկապէս կեցութեան, բնակարանի ապահովման խնդիրներու լուծման։ Ծրագիրը կ՚առնչուի նաեւ Արցախի մէջ քրիստոնէական, մշակութային վայրերու պահպանութեան խնդրին”,– շեշտած է յոյն դիւանագէտը։