Search
Close this search box.

Նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան.– «Պարբերաբար հրահրուող գործողութիւնները ուղղուած են Արցախի հայաթափման»

 

Օգոստոս 13-ին, Արցախի հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան Մարտունիի շրջանի Ճարտար քաղաքին մէջ յայտարարած է որ՝ պարբերաբար հրահրուող գործողութիւնները ուղղուած են Արցախի հայաթափման՝ արժեզրկելով թէ՛ եռակողմ յայտարարութեամբ հաստատուած փխրուն խաղաղութիւնը, թէ՛ ալ այդ խաղաղութեան պահպանման գործառոյթը ստանձնած ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի առաքելութիւնը։

Նախագահի մամլոյ ծառայութենէն հաղորդած են, որ նախագահը մասնաւորապէս նշած է, որ պէտք է զինուիլ ամուր համբերութեամբ եւ չշեղիլ Արցախի անկախութեան ուղիէն, իսկ իշխանութիւնները պիտի շարունակեն գործադրել կարելի բոլոր ջանքերը՝ առկայ անվտանգութեան խնդիրներու լուծման, բարեկեցիկ կեանքի համար անհրաժեշտ պայմաններու ապահովման եւ կայուն ապագայի երաշխաւորման ուղղութեամբ: