Search
Close this search box.

Նախարար Պապիկեան «Caesar» թնդանօթներու գնումի պայմանագիր ստորագրած է

 

Հայաս­տա­նի Պաշտպա­նու­թեան նա­խարար Սու­րէն Պա­պիկեան Ֆրան­սա կա­տարած աշ­խա­տան­քա­յին այ­ցի շրջա­նակին մէջ Յու­նիս 17-ին հան­դի­պում ու­նե­ցած է Ֆրան­սա­յի բա­նակ­նե­րու նա­խարար Սե­պաս­թիէն Լը­քոռ­նի­ւի հետ։ 

Հան­դիպման ըն­թացքին նա­խարար­նե­րը քննար­կած են Հա­յաս­տա­նի եւ Ֆրան­սա­յի մի­ջեւ պաշտպա­նու­թեան բնա­գաւա­ռին մէջ հա­մագոր­ծակցու­թեան ներ­կա­յի պատկերը: 

Սու­րէն Պա­պիկեան ներ­կա­յացու­ցած է Հա­յաս­տա­նի մէջ պաշտպա­նու­թեան ոլոր­տի բա­րեփո­խումնե­րու ըն­թացքը եւ այդ ուղղու­թեամբ Ֆրան­սա­յի հետ հա­մագոր­ծակցու­թեան շրջա­նակին մէջ իրա­գոր­ծուող աշ­խա­տանքնե­րը: 

Նա­խարար­նե­րը ընդգծած են ռազ­մա­թէք­նիք հա­մագոր­ծակցու­թեան կա­րեւո­րու­թիւնը եւ ստո­րագ­րած են այդ ոլոր­տին առնչուող շարք մը հա­մաձայ­նագրեր։ 

Նշենք նաեւ որ նա­խարար Պա­պիկեան Յու­նիս 17-ին փա­րիզեան հիւ­սի­սային արուար­ձաննե­րէն Վիլ­փենթի մէջ մաս­նակցած է EUROSATORY մի­ջազ­գա­յին ռազ­մարդիւ­նա­բերա­կան ցու­ցա­հան­դէ­սի բաց­ման արա­րողու­թեան: նա­խարա­րը այ­ցե­լած է տա­ղաւար­նե­րը, ծա­նօթա­ցած՝ ներ­կա­յացուած ցու­ցանմուշնե­րուն, հան­դի­պումներ ու­նե­ցած է ռազ­մարդիւ­նա­բերա­կան շարք մը ըն­կե­րու­թիւննե­րու ներ­կա­յացու­ցիչնե­րուն հետ։ 

Յու­նիս 18-ին ալ Սե­պաս­թիէն Լը­քոռ­նիւ «X» ընկերային ցանցի իր պաշ­տօ­նական հա­շիւով կը տե­ղեկաց­նէր, թէ Հա­յաս­տա­նի Պաշտպա­նու­թեան նա­խարա­րին հետ ստո­րագ­րած է պայ­մա­նագիր մըն ալ, որ կը նա­խատե­սէ Հա­յաս­տա­նին «Caesar» տի­պի թնա­դանօթ­նե­րու վա­ճառքը։