Դեկտեմբեր 14-ին, Վրաստանի վեցերորդ նախագահ ընտրուած է ռուսամէտ իշխանութեան «Վրացական երազանք» կուսակցութեան կողմէ առաջադրուած նախկին ֆութպոլիստ 53-ամեայ Միխէիլ Քաւելաշվիլի։ Նորընտիր նախագահը ծանօթ է հակաարեւմտեան իր դիրքորոշումով։
Վրաստանի պաշտօնէն հեռացող նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլի եւ ընդդիմադիր կուսակցութիւնները ընտրութեան օրինականութիւնը չեն ճանչնար։
Վրաստանի նախագահի ընտրութեան արդիւնքի հրապարակումէն մէկ ժամ ետք, «Azertag»-ի համաձայն՝ Ազերպայճանի նախագահը շնորհաւորած է Վրաստանի իր նոր պաշտօնակիցը։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։