Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու X-ի իր էջի իր գրառումով կ՚ըսէ.
«Իսրայէլ պիտի չհանդուրժէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտող Էրտողանի բարոյախօսութիւնը։ Ան կ՚աջակցի Համաս ահաբեկչական կազմակերպութեան մարդասպաններուն եւ Քիւրտերու զանգուածային ջարդեր կը կազմակերպէ իր երկրին մէջ»։
Նշենք, թէ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան իր յայտարարութիւններուն մէջ՝ Նեթանիահուն, Հիթլերը, Մուսոլինին եւ Սթալինը նոյն շարքին դասած է։
Աւելցնենք, որ Իսրայէլ տակաւին չէ ճանչցած Հայոց ցեղասպանութիւնը։ Աւելի՛ն, ան կը շարունակէ զէնք մատակարարել Ազերպայճանին, իսկ այս վերջինը չի թաքցներ Հայաստանի տարածքին նկատմամբ իր հեռահար ծրագրերը եւ կը շարունակէ մնալ թէ՛ Թուրքիոյ, թէ՛ Իսրայէլի մերձաւոր դաշնակիցը։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։