Սեպտեմբեր 18-ին, ԱՄՆ-ու Ներկայացուցիչներու պալատի նախագահուհի Նենսի Փելոզի Երեւանի մէջ յայտարարած է, թէ Միացեալ Նահանգներ խստօրէն կը դատապարտէ Հայաստանի սահմաններու նկատմամբ Ազերպայճանի մահացու յարձակումները։
Ան վերահաստատած է Մինսքի խումբին մէջ ԱՄՆ-ու կեցուածքը, թէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը ռազմական լուծում չի կրնար ունենալ։
“Մենք կը շարունակենք հետեւիլ իրադարձութիւններուն։ Կը ձգտինք, որ բանակցային խաղաղ եւ մնայուն լուծում գտնուի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան”,– նշած է Փելոզի։
Իր կարգին գոնկրէսական Ժեքի Սփիռ յայտարարած է, թէ ԱՄՆ դէմ պիտի ըլլայ Հայաստանի սահմաններու որեւէ փոփոխութեան, թիկունք կանգնելով անոր հողային ամբողջականութեան պաշտպանութեան։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։