ԱՄՆ-ու Ներկայացուցիչներու պալատի նախագահուհի Նենսի Փելոզի Սեպտեմբեր 18-ին Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ յարգանքի տուրք մատուցած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: Ան ծաղիկներ խոնարհած է անմար կրակին մօտ:
Ամերիկացի դիւանագէտը այցելած է նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանը եւ ծանօթացած 20-րդ դարասկզբին մարդկութեան դէմ գործուած մեծագոյն ոճիրը փաստող ցուցադրութեան։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։