Նետերլանտներու մէջ ՀՀ դեսպան Տիգրան Բալայեան այցելած է Ամսթըլվին քաղաքը եւ հանդիպում ունեցած քաղաքապետին հետ։ Այնուհետեւ ան մասնակցած է «Լուսաւոր ապագայ» հիմնադրամին (Bright Future Foundation) նախաձեռնութեամբ Ամսթըլվինի քաղաքային գրադարանին մէջ հայերէն գիրքերու բաժնին բացման արարողութեան։
Իր ողջոյնի խօսքին մէջ դեսպան Բալայեան շնորհակալութիւն յայտնած է գրադարանի տնօրինութեան՝ նշեալ հիմնադրամի նախաձեռնութեան ընթացք տալուն եւ հայերէն մանկական գրականութիւնը մնայուն հիմքով հիւրընկալելուն համար, յոյս յայտնելով որ՝ այս օրինակը կը տարածուի ամբողջ երկրին մէջ։
Դեսպանը՝ արարողութեան ներկայ հայ երախաներուն համար ընթերցած է Եզովբոսի քանի մը առակները։
«Լուսաւոր ապագայ» նետերլանտական հիմնադրամի տնօրէնուհի Մարիամ Կիրակոսեան չափազանց կարեւոր նկատելով այս երեւոյթը յայտնած է, թէ այսպէսով հայ ծնողներուն բացառիկ առիթ կ՚ընծայուի յաճախ իրարու հանդիպելու գրադարանին մէջ եւ ընթերցելու հայերէն գիրքեր՝ պահպանելով եւ տարածելով մեր Ոսկեղինիկը։ Աւելի՛ն, օտարները եւս պիտի կարենան ծանօթանալ մեր մշակոյթին, լեզուին եւ ուսումնասիրել հայատառ գիրքեր։
Նշենք, թէ Հայերէն գիրքերը «Լուսաւոր ապագայ»-ին տրամադրած է հայաստանեան «Անտարես» հրատարակչութիւնը, իսկ անոնց Նետերլանտներ փոխադրութեան աջակցած է Հայաստանի դեսպանութիւնը:
Գրադարանի հայկական բաժնին գիրքեր նուիրելու համար կարելի է կապուիլ հետեւեալ հասցէներուն.-
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։