Search
Close this search box.

ՆԵՏԵՐԼԱՆՏՆԵՐ – Հայ ճամբար 2024

 

Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ Խաժակ արք. Պարսամեանի առաջնորդութեամբ՝ 2024 Յունիս 21-23 առաջին անգամ, Նետերլանտներու եւ Պելճիքայի մէջ գտնուող եկեղեցական համայնքներուն աշխատանքով ի մի բերուած 10-17 տարեկան հարիւր երեխաներու եւ պատանիներու համար իրականացաւ Հայ ճամբարի ծրագիրը։ 

Ճամբարի կազմակերպչական աշխատանքներու իրականացման համար Սրբազան հօր տնօրէնութեամբ նշանակուած էր յանձնախումբ մը, որ կը գլխաւորէր՝ Սերժ սրկ․ Տէմիրպաճագ, իրեն որպէս աջակից ունենալով այլ համայնքներէն մասնակցող եկեղեցանուէր անձեր եւ հոգեշնորհ ու արժանապատիւ Հայրեր։ 

Հայ ճամբարին համար նախապէս որոշուած էր տարբեր քրիստոնէական համայնքներու ամառնային արձակուրդ եւ ճամբարական ծրագրեր իրականացնելու նպատակաւ գործող «Christelıjke Vakantie en Conferentiecentrum De Kroeze Danne» կեդրոնը, որ կը գտնուի Նետերլանտներու Տելտեն գիւղաքաղաքին մէջ։

Ուրբաթ, Յունիս 21-ի երեկոյեան, երեխաները եւ պատանիները իրենց ծնողներուն եւ հոգեւոր հովիւներու գլխաւորութեամբ մուտք գործեցին ճամբար։ Մասնակիցները իրենց համար նախատեսուած սենեակները տեղաւորուելէ ետք, հաւաքուեցան սրահը որպէսզի ծանօթանան Սրբազան Հօր, հոգեւոր հովիւներուն եւ ճամբարի յանձնախումբի անդամներուն, ինչպէս նաեւ իրարու հետ։ Ապա, յաջորդեց ծանօթացում ճամբարի կանոններուն եւ ծրագրին։ Յետ բացատրութեանց, բոլորը ուղղուեցան դէպի ճաշարան՝ ընթրիքի, որ սկսաւ աղօթքով։ Ընթրիքէն ետք գիշերային աղօթքը կատարուեցաւ։

Յաջորդ առաւօտ նախաճաշէն եւ աղօթքէն ետք, մասնակիցները երկու տարիքային խումբի բաժնուեցան հոգեւոր եւ մշակութային աշխատանքներուն մասնակցելու համար։ Բացի դաստիարակչականէն, նախատեսուած էին նաեւ զանազան զբաղումներ՝ պար, լող, ոտնագնդակ եւ այլ խաղեր։ Երեկոյեան ժամերուն ընթրիքէն առաջ տեղի ունեցաւ ժամերգութիւն: Այնուհետեւ ճամբարի մասնակիցները այդ օրը իրենց կողմէ պատրաստուած աղօթքները ընթերցեցին։

Կիրակի առաւօտ  ճամբարի մեծ սրահին մէջ Խաժակ սրբազան բոլոր մասնակիցներու ներկայութեան Սուրբ պատարագ մատոյց, ընթերականութեամբ՝ Մաղաքիա աբղյ․ Պէսքիսիզեանի։ Սրբազան հայրը իր հոգեւոր պատգամին մէջ ներկաներուն յիշեցուց Պենտեկոստէի դէպքը ըսելով. “Քիչ առաջ, Գործք Առաքելոց 2:1-3-ի ընթերցման ընթացքին լսեցինք որ Քրիստոսի աշակերտները հաւաքուած էին վերնատան մէջ եւ միասին եւ միասիրտ կ՚աղօթէին, ինչպէս որ մենք հիմա այստեղ միասին եւ միասիրտ ենք եւ միատեղ կ՚աղօթենք։ Վերնատան մէջ Սուրբ հոգին կրակի լեզուներու նմանութեամբ իջաւ առաքեալներու վրայ եւ անոնք Սուրբ հոգւով լեցուեցան եւ զգացին Աստուծոյ ներկայութիւնը իրենց մէջ։ Այդ պարզ ձկնորս մարդիկ աշխարհը փոխեցին: Աւետարանի պատգամը այն է որ մեզմէ ոեւէ մէկը երբ զգայ Աստուծոյ ներկայութիւնը իր մէջ կրնայ հրաշքներ գործել։ Այնպէս որ դուք ալ հաւատալով Քրիստոսին եւ հետեւելով իր օրինակին կրնաք հրաշքներ իրականացնել ձեր կեանքին մէջ”։ 

Իր հոգեւոր պատգամի վերջաւորութեան Սրբազան հայրը իր գնահատանքը եւ շնորհակալութիւնը յայտնեց Սերժ Տէմիրպաճագի գլխաւորութեամբ Հայ ճամբարի խորհուրդի անդամներուն ու կամաւորներուն: