Search
Close this search box.

ՆԵՏԵՐԼԱՆՏՆԵՐ – Հայաստանի պատուիրակութիւնը մասնակցած է Քիմիական զէնքի արգիլման համաձայնագրին անդամակցող երկիրներու 29-րդ համաժողովին

Նոյեմբեր 25-29, Լա Հէյի մէջ տեղի ունեցած Քիմիական զէնքի արգիլման համաձայնագրին անդամակցող պետութիւններու 29-րդ համաժողովի աշխատանքներուն մասնակցած է Հայաստանի պատուիրակութիւնը՝ Արտաքին գործոց նախարարութեան միջազգային անվտանգութեան վարչութեան պետ Գէորգի Քոչարեանի գլխաւորութեամբ: Վերջինս իր ելոյթին վերահաստատած է Հայաստանի վճռական յանձնառութիւնը՝ ամբողջութեամբ բացառելու քիմիական զէնքի կամ յարակից վտանգաւոր նիւթերու կիրարկումը եւ ընդգծած, թէ անդամակցութենէն ի վեր Հայաստան անշեղօրէն կը գործադրէ Քիմիական զէնքի համաձայնագրի դրոյթները:

Համաժողովին քննարկուած են վերոնշեալ համաձայնագրի իրագործման ընթացքը, առկայ մարտահրաւէրները եւ յառաջիկայ քայլերը։