Սահմանադրութեան փոփոխութիւն, Անկախութեան հռչակագիրի ջնջում, «ժողովո՞ւրդ», թէ՞ «ազգ» եզրի գործածութիւն, կրթական ծրագրին մէջ՝ «Հայոց պատմութիւն» առարկայի անուանափոխում, «Եկեղեցւոյ պատմութիւն» առարկայի ջնջում…։ Ներհայաստանեան քաղաքական դաշտը կ՚եռայ… բանավէճեր խորհրդարանի ամպիոնէն, լրասփիւռներու մէջ, եկեղեցւոյ բեմերէն…։ Ընդդիմութեան, եկեղեցականներու մեղադրանքն այն է որ սահմանադրական, կրթական ոլորտի փոփոխութիւնները՝ բոլորը թելադրողը Թուրքն է, Հայաստանի կառավարութիւնը, կամ Նիկոլը ենթակայ են Թուրքերու հրահանգներուն, ուրեմն պէտք է հեռացուի կամ «ջնջուի», «ոչնչացուի»։
Բանավէճ ըսուածը ինքնին դրական է, քաղաքական հասունութեան նշան։ Հայաստանի իշխանութեան նոր Սահմանադրութեան ծրագիրը այս իմաստով, բանավէճի լայն դաշտ բացաւ։ Սակայն, ընդդիմադիր քաղաքական ուժերը բանավէճը կը գործածեն ներկայացնելու՝ սպանութիւնը, ահաբեկումը իբրեւ միակ այլընտրանք, ներկայ իշխանութենէն ազատելու համար։ Իսկ ժողովուրդին քուէ՞ն, ժողովուրդին տրամադրութի՞ւնը։
Լաւագոյն օրինակը Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Շիրակի թեմի Սոցիալ-կրթական կեդրոնին մէջ «Ակունք» քաղաքական վերլուծութիւններու կեդրոնի ղեկավար, ԱԺ Ժառանգութիւն խմբակցութեան նախկին երեսփոխան Ռուբէն Յակոբեանի կազմակերպած հասարակական-քաղաքական գործիչներու հետ քննարկումն է, որուն գլխաւոր նիւթն էր՝ «Ի՞նչ ելքեր ներկայ իրավիճակէն դուրս գալու համար», որուն մասնակցած է նաեւ Շիրակի թեմի առաջնորդ Միքայէլ արք. Աջապահեան։
Ռ. Յակոբեան հակառակ անցեալին Րաֆֆի Յովհաննէսեանի «Ժառանգութիւն» ընդդիմադիր կուսակցութեան պատկանելուն, որ պայքարած է Ռոբերտ Քոչարեանի ու Սերժ Սարգսեանի կաշառակեր վարչակարգին դէմ, անհաւատալի կերպով իշխանութեան դէմ ահաբեկչութիւն գործելու ջատագով մըն է. «Նախ պիտի մտածենք, թէ որտեղ ենք սխալուել… Մեր գլխաւոր սխալը եղաւ այն, որ այդպէս էլ հէնց սկզբից չփորձեցինք հասկանալ, վերլուծել, թէ ի վերջոյ ո՞նց եղաւ, ինչպէ՞ս պատահեց՝ պիտի թոյլ տաք այս բառն օգտագործել՝ այս ազգակործան պատուհասը յայտնուեց իշխանութեան։ Մենք խօսում ենք հետեւանքների մասին, չենք ասում այն պատճառները, որոնք ծնեցին իրեն։ Չենք ասում՝ ինչո՞ւ էր ժողովրդի մէջ ցասում առաջացել, որ գնացին Նիկոլ Փաշինեանի յետեւից, որովհետեւ ոչ թէ յանուն Նիկոլ Փաշինեանի գնացին, այլ ընդդէմ օրուայ իշխանութեան գնացին։ Եւ մենք թոյլ տուեցինք»։ Այս խոստովանութենէն ետք, իբրեւ եզրակացութիւն աւելցուցած է՝ «Փաշինեանի ազգակործան իշխանութիւնից հնարաւոր է ազատուել քաղաքական մահապարտների միջոցով»։
Իսկ Աջապահեան սրբազան, որ յայտնի է նոյնպէս հակաիշխանական իր ծայրայեղ դիրքորոշումներով, պատմական երեւոյթներու հանդէպ կարգ մը այլանդակ յայտարարութիւններու կողքին, վերջապէս յանդգնած է ընդունիլ քանի մը ճշմարտութիւն. առաջինը՝ «Եկէք մեզ չգերագնահատենք, մեր արժէքը ճիշտ տանք…», եւ երկրորդը՝ «Նիկոլներ միշտ կը լինեն, Նիկոլը հետեւանք էր նախկին բոլոր իշխանութիւնների անմիտ, անփոյթ, տգէտ գործողութիւնների, այս երկրի նկատմամբ թքած, անփոյթ վերաբերմունքի։ Ասում էին՝ մէկ է՝ Ռուսը չի թողնի պատերազմ լինի, սա էր, դիւանագիտութիւն էլ չկար»։ Եւ անշուշտ եզրակացութիւնն է գլուխգործոցը, նորէն նոյն ահաբեկչութեան կոչը, այս մէկն ալ բարձրաստիճան եկեղեցականի մը կողմէ. «Ես իշխանութիւն փոխելու ընդամէնը երեք ճանապարհ գիտեմ, դուք եթէ չորրորդը գիտէք, ասէք։ Ընտրութիւն, կամ իբր թէ ընտրութիւն, երկրորդը՝ յեղաշրջում, երրորդը՝ ժողովրդական ապստամբութիւն։ Կա՞յ ուրիշ, չկա՛յ. երեքն էլ անհնարին են “սուբյեկտիւօրէն”. “օբյեկտիւօրէն”՝ հնարաւոր է»։
Զարմանալի է որ ընդդիմադիրներու խօսոյթին մէջ բնաւ ակնարկ չկայ Հայաստանի տնտեսական կարողութիւնը բարելաւելու անհրաժեշտութեան, ռուս-ուքրաինական պատերազմի պատճառով ռուս-թուրք-ազերի դաշինքի Հայաստանի սպառնացող վտանգին, աշխարհաքաղաքական զանազան վտանգներուն, Հայաստանի սպառազինութեան ողբալի վիճակը բարելաւելու անհրաժեշտութեան, միջազգային հարթակի վրայ Հայաստանի դէմ գործող ուժերու հզօրութեան, Հայաստանի բարեկամներու կողմէ անոր վրայ գործուող ճնշումներուն մասին…
Ժ.Չ. ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։