Հոկտեմբեր 3-ին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ դեսպան Յասմիկ Տոլմաջեանի ուղեկցութեամբ, այցելած է Հայաստանի դեսպանութեան համար գնուած նոր շէնքը, որ կը գտնուի Փարիզի 16-րդ թաղամասին մէջ։ Կառավարութիւնը շէնքին համար յատկացուցած է 23 միլիոն եւրօ։
Ինչպէս ծանօթ է, Հայաստանի դեսպանութեան ներկայի շէնքը սեփականութեան իրաւունքով չի պատկանիր Հայաստանին, այլ անհատոյց կ՚օգտագործուի եւ պայմանագրով տրամադրուած է 1995-ին:
Հայաստան-Ֆրանսա յարաբերութիւններու զարգացման, գործառոյթներու ընդլայնման հետեւանքով ներկայի շէնքի պայմանները բաւարար չեն, քանի որ հոն տեղակայուած են նաեւ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի եւ Ֆրանսախօսութեան՝ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցչութիւնները:
Նոյն օրը, վարչապետը այցելած է Փարիզի Centquatre-Paris մշակութային կեդրոն, ուր Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան վեհաժողովի շրջանակին մէջ գործող՝ Կազմակերպութեան աւանին մէջ բացուած հայկական տաղաւարը։ Ան ծանօթացած է ներկայացուած ցուցանմուշներուն:
Տաղաւարի պատասխանատուներուներուն համոզումով այցելուներուն լաւապէս ներկայացուած է Հայաստանը՝ իր պատմութեամբ եւ մշակոյթով: Հոն կարելիութիւն ստեղծուած է նաեւ զօրութենական (virtuelle) այց կատարել Հայաստան:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։