Search
Close this search box.

ՆԻՍ – Մեծարանքի երեկոյթ Տիկին Այտա Դանիգեանին

Նիսի Հայ երաժշտու­թեան եւ արուես­տի կա­ճառը Հոկտեմբեր 13-ին մե­ծարան­քի երե­կոյթ մը կազ­մա­կեր­պեց նուիրուած՝ եր­կար տա­րիներ ոսուցչա­կան աս­պա­րէզին մէջ գոր­ծած Տիկին Այ­տա Դա­նիգեանին:

Կա­ճառի նա­խագա­հու­հի՝ Տիկին Նա­տիա Նա­քաշեանի բա­րի գա­լուստի խօս­քէն ետք, գե­ղարուես­տա­կան բաժ­նի եւ «Սա­յեաթ Նո­վա» երգչա­խումբի ղե­կավար Պարոն Խա­չիկ Եըլ­մա­զեան ներ­կա­յացուց ելոյ­թը ման­րա­մասն, միա­ժա­մանակ հա­ճելի ոճով մը: Ան խօ­սեցաւ հա­յապահ­պանման դժուարու­թեանց մա­սին մա­նաւանդ Սփիւռքի մէջ, յի­շեց թէ հայ ժո­ղո­վուրդը դա­րեր շա­րու­նակ իր ազ­գա­յին դի­մագի­ծը պահպանելու եւ քա­ղաքա­կիրթ ազ­գե­րու շար­քին դա­սուե­լու վճռա­կամու­թեամբ կառ­չած է իր մշա­կոյ­թին, դպրո­ցին, եկե­ղեց­ւոյ եւ մա՛նաւանդ իր մայ­րե­նիին, հա­կառակ քա­ղաքա­կան, տնտե­սական եւ աշ­խարհագ­րա­կան բազ­մա­թիւ դժուարու­թեանց: Գնա­հատեց մեր պատ­մութեան մե­ծերը եւ անոնց դե­րը հա­յապահ­պանման դժուարին գոր­ծին մէջ, գլխա­ւորու­թեամբ մեր առա­ջին հայ ոսու­ցիչ Մես­րոպ Մաշ­տո­ցի եւ աջա­կից Սա­հակ Պար­թե­ւի, որոնք հիմ­նե­ցին մեր գրա­կանու­թեան ող­նա­շարը՝ մեր այ­բուբե­նը: Պարոն Եըլ­մա­զեան խորապէս գնա­հատեց հայ ու­սուցիչ­նե­րը, մշա­կու­թա­յին միու­թիւննե­րու հիմ­նա­դիր­նե­րը, ազ­գա­յին բա­րերար­նե­րը, հայ աշա­կերտն ու անոր ծնող­քը եւ անոնց դե­րը հա­յապահ­պանման սուրբ գոր­ծին մէջ, մաս­նա­ւորա­բար Սփիւռքի մէջ ուր օտա­րամո­լու­թեան հո­սան­քը մեծ է եւ ազ­դու՝ հայ պա­տանիին վրայ, ապա ներ­կա­յացուց Տիկին Դա­նիգեանի կեն­սագրա­կանն ու գոր­ծունէու­թիւնը: 

Ան ծնած է 1940-ին Պո­լիս. տեղ­ւոյն ու­սումնա­կան եւ ու­սուցման վկա­յական­նե­րը ստա­նալէ ետք, ու­սուցչա­կան պաշ­տօն վա­րած է Պէզ­ճեան, Տա­տեան, Մէ­րամէ­թեան վար­ժա­րան­նե­րուն մէջ, ապա՝ տնօ­րէնու­թեան պաշ­տօն՝ Պէզ­ճեան մայր վար­ժա­րանին մէջ:

1979-ին ընտրուած է Պոլ­սոյ ու­սուցչա­ց միու­թեան վար­չութեան ան­դամ եւ վա­րած է ատե­նապե­տու­հիի պաշ­տօն: 1984-ին Ֆրան­սա­յի մէջ ստա­ցած է DUT-ի վկա­յակա­նը (Finances – Comptabilité)։

Փա­րիզ հաս­տա­տուե­լէ ետք, իր հին աշա­կերտնե­րուն օգ­նութեամբ կազ­մած է ACAF եր­գի-պա­րի միու­թիւնը, որ կը տե­ւէ մին­չեւ այ­սօր: 1988-ին Նիս այ­ցին, կը ծա­նօթա­նայ տեղ­ւոյն Կրօ­նական ըն­կե­րակ­ցութեան վար­չու­թեան ան­դամնե­րուն, որոնց առա­ջար­կով կը ստանձնէ նո­րակա­ռոյց Պար­սա­մեան ամէնօրեայ ման­կա­պար­տէ­զի տնօ­րէնու­թեան պաշ­տօ­նը, հրա­ժարականը ներկայացնե­լով Ալ­ֆորվի­լի Ս. Մես­րոպ եւ Թա­վեր­նիի Հայ լեզ­ուոյ կեդ­րոն միօրեայ վար­ժա­րան­նե­րուն:

Իր պաշ­տօ­նավա­րած շրջա­նին ման­րա­մասն պրպտումնե­րով կը յա­ջողի բա­նալ նա­խակրթա­րանի բա­ժինը, ամէն տա­րի դա­սարան մը աւելցնե­լով: Նիւ­թա­կան պատ­ճառնե­րով 1997-ին կը հե­ռացուի իր պաշ­տօ­նէն: 1999-ին Նի­սի Մշա­կու­թա­յին միու­թեան ատե­նապե­տու­հի կ՚ընտրուի մի­նչեւ 2020:

*  *  *

Ելոյ­թի ըն­թացքին կար­դա­ցուե­ցան Տիկին Դա­նիգեանի վա­ղեմի աշա­կերտնե­րուն կողմէ Պո­լսէն ու Փա­րիզէն ղրկուած գնա­հատան­քի եւ երախ­տա­գիտութեան մօտ 20 նա­մակ­նե­րէն երեքը: Ելոյ­թը մեր­թ ընդ մերթ ընդհա­տուե­ցաւ Կա­ճառի մե­նակա­տար­նե­րուն կող­մէ եր­գուած սքան­չե­լի հա­յերէն եր­գե­րով, ինչպէս Դա­նիա Պօշ­նա­քեան,– որ մեկնաբանեց «Սի­րելի ու­սուցիչ»-ը,– Անուշ Բար­սե­ղեանց, Անա­յիս Չալըքման, Նել­լի Եղիազա­րեան եւ Սու­սաննա Ար­մա­կան, դաշ­նա­կի ըն­կե­րակ­ցութեամբ Ալեք­սանտրա Տօ­նիքի:

Ելոյ­թի աւար­տին, փակ­ման խօսքը արտասանեց Տիկին Դա­նիգեան, շատ յու­զուած եւ զգա­ծուած, շնոր­հա­կալու­թիւն յայտնեց կազ­մա­կեր­պողնե­րուն, մաս­նակցող­նե­րուն, մե­նակա­տար­նե­րուն եւ ներ­կայ հոծ բազ­մու­թեան, որոնք իրեն պարգեւեցին այս ան­մո­ռանա­լի ու­րախ պահերը:

Ըստ իս՝ պէտք է մե­ծարել ու գնահատել մեր անձնուէր բո­լոր ազ­գա­յին­նե­րը իրենց ող­ջութեան եւ ո՛չ թէ եր­կար դամ­բա­նական­ներ կար­դալ անոնց մա­հէն ետք, պէտք է ծա­ղիկ­ներ նուիրել ար­ժա­նի ան­ձին եւ ո՛չ թէ անոր տա­պանա­քարին, միշտ մտա­բերե­լով մեր ան­մահ Գրի­գոր Զօհ­րա­պի «Կոտրելէն ետքը»: 

Լենա Չոլաքեան