Նոյեմբեր 19-ին, Նիւ Եորքի մէջ Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետին ի պատիւ տրուած պաշտօնական ճաշի աւարտին, կաթողիկոսը եզրակացնելով աւելի քան երկու շաբթուան վրայ տարածուած իր Հովուապետական այցելութիւնը, չորս կէտերու մէջ ամփոփած է իր եզրափակիչ պատգամը։
1) Կ՚ապրինք համաշխարհայնացած դարու մէջ։ Համաշխարհայնացումը էապէս մշակոյթ է՝ ճարտարագիտութեամբ տիրապետուած, որ թափանցած է բոլոր ընկերութիւններու կեանքէն ներս։ Արժէքներ քանդող, սահմաններ շրջանցող այս մշակոյթը նաեւ տիրական ներկայութիւն է մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ։ Չենք կրնար պայքարիլ անոր դէմ, սակայն, միաժամանակ, համակերպումը վնասաբեր է։ Անհրաժեշտ է քննական երկխօսութիւն ունենալ՝ մէկ կողմէն օգտագործելով համաշխարհայնացումի դրական երեսները եւ միւս կողմէ ամրացնելով մեր ինքնութիւնը երաշխաւորող արժէքները։ Այս գծով էական է երիտասարդութեան դերը։
2) Մեր եկեղեցւոյ վերանորոգումը հրամայական է։ Վերանորոգումը սոսկ փոփոխութիւն չէ, այլ վերարժեւորում եւ ներկայ պայմաններու լոյսին տակ եկեղեցւոյ կեանքին ու վկայութեան վերանորոգում, բնականաբար պահպանելով մեր եկեղեցւոյ իւրայատկութիւնը։ Այս իմաստով բարոյագիտական արժէքներու գծով մեր եկեղեցւոյ տեսակէտին յստակացումը այլեւս դարձած է անհրաժեշտութիւն։
3) Ամերիկան ցեղային, մշակութային ու կրօնական համայնքներու ամբողջութիւն է՝ ընկերային-քաղաքական հասարակաց արժէքներու վրայ հաստատուած։ Մենք եւս մաս կը կազմենք այս ընկերութեան։ Սակայն, ինչպէս այլ համայնքներ յատուկ ճիգ կը թափեն պահպանելու իրենց մշակութային ու կրօնական ինքնութիւնը, նոյնը պէտք է կատարէ նաեւ մեր համայնքը։ Սա մնայուն մարտահրաւէր է մեր դիմաց։
4) Մեր ազգն ու հայրենիքը կ՚ապրին ճակատագրական դարաշրջանի մէջ։ Այս մասին յաճախ անդրադարձած ենք մեր պատգամներուն մէջ։ Աւելի քան երբեք կարիքը ունինք, աշխարհաքաղաքական ներկայ պայմաններու լոյսին տակ, մշակելու նոր ռազմավարութիւն մը, որպէսզի կարելի ըլլայ պահել Հայաստանի գերիշխանութիւնը, ամբողջականութիւնը ու անվտանգութիւնը։ Մենք կարիքը ունինք այնպիսի ղեկավարներու, որոնք կարենան ներկայ ժամանակներու համապատասխան կերպով կեցուածքներ ճշդել եւ մեր ազգն ու հայրենիքը առաջնորդել ճիշդ ուղղութեամբ։
* * *
Այնուհետեւ, ընդառաջելով Թեմի խնդրանքին, Արամ Ա. կաթողիկոս պարգեւատրած է երեք արժանաւորներ.- դոկտ. Վարդան Մատթէոսեանը՝ «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով, Գառնիկ Ալաճաճեանը՝ «Կիլիկեան Ասպետ» շքանշանով եւ Ռիչըրտ Գարօլանը՝ «Կիլիկեան Իշխան» շքանշանով։ Իսկ Ազգային Առաջնորդարանի «Զապէլ Թագուհի» մետալով պարգեւատրուած է նաեւ Ռիչըրտի մայրը՝ Թինա Գարօլանը։
Արամ Ա. կաթողիկոս կը պարգեւատրէ Վարդան Մատթէոսեանը
Պաշտօնական ճաշը իր աւարտին հասած է Հայոց հայրապետին «Պահպանիչ» աղօթքով եւ «Կիլիկիա» օրհներգի միաբերան երգեցողութեամբ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։