Search
Close this search box.

ՆԻՒ ԵՈՐՔ – ՄԱԿ – Ազնաւուրի 100-ամեակին նուիրուած ընդունելութիւն եւ ցուցահանդէս

Օգոստոս 28-ին, Շառլ Ազնաւուրի ծննդեան 100-ամեակին առիթով՝ ՄԱԿ-ի Նիւ Եորքի կեդրոնին մէջ կազմակերպուած է ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին բացումը կատարուած է աշխարհահռչակ երգիչին նուիրուած՝ Ռոժէ Գասպարեանի լուսանկարներու ցուցահանդէսին։ Հանդիսութեան ներկայ եղած են տարբեր երկիրներու դիւանագիտական ներկայացուցիչներ, հասարակական գործիչներ, հայ համայնքի անդամներ։

ՄԱԿ-ի մէջ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ Մհեր Մարգարեան իր ելոյթին ընդգծած է. “Շառլ Ազնաւուր աւելին էր, քան երաժիշտ մը. ան մշակութային հարուստ ժառանգութիւն կերտած լուսաւոր անձնաւորութիւն էր, Ազգային հերոս, Հայաստանի դեսպան, յոյսի ու տոկունութեան խորհրդանիշ, որուն ուշագրաւ ժառանգութիւնը այսօր ալ կը շարունակէ ոգեշնչել բոլորս”։