ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ – «Արցախ. վտանգուած ժառանգութիւն» եռալեզու պատկերագիրքի շնորհահանդէսը
Դեկտեմբեր 27-ին, Գիտութիւններու Ազգային ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկին մէջ տեղի ունեցած է «Արցախ. վտանգուած ժառանգութիւն» եռալեզու պատկերագրքի շնորհահանդէսը։ Հատորը լոյս տեսած է Համազգայինի Հայաստանի եւ Արցախի գրասենեակներու նախաձեռնութեամբ՝ Համազգայինի կեդրոնական վարչութեան աջակցութեամբ։ Պատկերագիրքը կազմած է Հայկական ճարտարապետութիւնը ուսումնասիրող հիմնադրամի փոխտնօրէն Րաֆֆի Քորթոշեան:
Ելոյթ ունեցած են Համազգայինի կեդրոնական վարչութենէն Արտաշէս Շահբազեան, պատմագէտ Աշոտ Մելքոնեան, Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի տնօրէնուհի Ռուզան Առաքելեան, կազմողները՝ Րաֆֆի Քորթոշեան, Համազգայինի Արցախի գրասենեակի տնօրէնուհի Հերմինէ Աւագեան, ազգագրագէտ Լեռնիկ Յովհաննիսեան, յուշարձանագէտ Սլավա Սարգսեան, Արցախի նախկին Մշակոյթի նախարար Լուսինէ Ղարախանեան։
Ներկաները ընդգծած են այս գիրքը՝ իբրեւ թշնամիի կողմէ կատարուող կեղծ քարոզչութեան հակադարձող միջոց մը եւս։
Պատկերագիրքին մէջ ներկայացուած է շուրջ 250 յուշարձան։ Անշուշտ, թիւը շատ աւելի մեծ կրնար ըլլալ, սակայն ընտրուած են ամէնէն խօսուն յուշակոթողները։
Երբ պատկերագիրքը գրեթէ պատրաստ էր հրատարակութեան, ծայր առաւ Ազերպայճանի յարձակումը։ Մէկ շաբթուան մէջ Արցախը ամբողջապէս հայաթափուեցաւ։ Այսօր վտանգի տակ են թշնամիի հսկողութեան տակ մնացած հայկական բոլոր յուշարձանները, եկեղեցիները։ Պատկերագիրքին երկրորդ հատորը, որ տակաւին կազմութեան փուլին է, կը ներառէ Սեպտեմբերի վերջին ազերպայճանական յարձակումով բռնագրաւուած Արցախի մնացեալ տարածքներու պատմամշակութային ժառանգութիւնը։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։