Հեղինակ՝ Արսէն Արզումանեան
Պուքրէշի «Արարատ» ամսագրի թղթակից, քաղաքական գիտութիւններու դոկտոր Արսէն Արզումանեանի «Ստրունգայի հայկական որբանոցը. բեկուած ճակատագրերի վկայություններ» գիրքը հեղինակի ծաւալուն ուսումնասիրութիւնն է Ռումանիոյ Սթրունկա գիւղի հայկական որբանոցի ուշագրաւ պատմութեան։ Աշխատութիւնը բացառիկ է իր հետազօտական աղբիւրներով. առաջին անգամ ըլլալով ուսումնասիրուած եւ վերլուծուած են որբանոցի արխիւներն ու Պուքրէշի մէջ լոյս տեսած հայկական պարբերականներու հարիւրաւոր յօդուածներ, որոնք անդրադարձած են որբանոցի հիմնադրման, կայացման եւ լուծարման։ Այդ պարբերականներու մեծ մասը մի՛այն Ռումինիոյ մէջ կարելի եղած է գտնել եւ մոռացութենէ փրկել։
Թէեւ Ցեղասպանութենէն փրկուած 200 երեխաներու ապաստան տուած որբանոցը կարճ կեանք ունեցած է՝ 1923-1926, սակայն խոր հետք ձգած է ռումանահայերու յիշողութեան մէջ։ Սթրունկայի հայկական որբանոցի հիմնադրութիւնը, առօրեան, անոր շուրջ տեղի ունեցած բազմաթիւ իրադարձութիւնները, ի շարս որոնց՝ ռումանահայ համայնքին մէջ ծագած տարակարծութիւնները որբանոցի ապագային շուրջ, շարք մը երեխաներու ճակատագրերը եւ միւս պատմութիւնները խորապէս կը յուզեն ընթերցողները։ Գիրքի վերջաւորութեան կը ներկայացուի որբանոցի արձանագրութեան մատեանը՝ որբերու նկարներով եւ անձնական տուեալներով։
Հատորին խմբագիրներն են՝ Զարուհի Արզումանեան, Մարիամ Գէորգեան
Նշենք, թէ գիրքին հայերէն եւ ռումաներէն տարբերակները լոյս տեսած են Պուքրէշ, իսկ շնորհահանդէսը տեղի ունեցած է 2024 Հոկտեմբեր 5-ին, Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։