Search
Close this search box.

Շառլ Միշէլ.– «Կը շարունակենք աջակցութիւնը հայ-ազերպայճանական ապագայ խաղաղութեան համաձայնագրին»

Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշէլ Twitter-ի իր հաշիւին կատարած գրառումով մը կը տեղեկացնէ, որ՝ Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ հեռաձայնային զրոյց մը ունեցած է, որու ընթացքին քննարկած են հայ-ազերպայճանական երկխօսութեան պրիւսէլեան օրակարգի բոլոր հարցերը:

Ան ընդգծած է, որ ԵՄ-ի համար կարեւոր է կայուն, ապահով եւ խաղաղ Հարաւային Կովկասը:

«Մենք կը շարունակենք աջակցութիւնը մարդասիրական, հաղորդակցութեան եւ սահմանային խնդիրներու լուծման, ինչպէս նաև ապագայ խաղաղութեան համաձայնագրին»,– գրած է ԵԽ-ի նախագահը: