Յունուար 14-ին, Շուէտի մէջ Հայաստանի դեսպան Աննա Աղաջանեան այցելած է Էօրեպրօ քաղաքը, ուր հանդիպումներ ունեցած է նահանգապետին եւ քաղաքապետին հետ։ Այնուհետեւ տեղւոյն մշակութային դպրոցին մէջ դեսպանը՝ տնօրէնութեան ուղեկցութեամբ, ծանօթացած է կրթօճախի աշխատանքներուն։ Հոն կը գործեն երաժշտական, պարի, թատերական արուեստի, կաւագործութեան, նկարչութեան խմբակներ, իսկ գրադարանին մէջ կը կազմակերպուին զանազան մշակութային ձեռնարկներ 9–19 տարեկան պատանիներուն համար։
Տիկին Աղաջանեան քննարկած է հայ պատանիներուն հետ միատեղ ծրագրեր մշակելու կարելիութիւնը։
Այցի աւարտին դեսպանը հանդիպում ունեցած է Էօրեպրոյի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ։ Ջերմ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ան ողջունած է ներկաները եւ պատասխանած՝ իրեն ուղղուած հարցումներուն։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։