Արցախի Ներքին գործոց նախարարի բանբեր Յունան Թադէոսեան հաղորդած է, թէ Սեպտեմբեր 19-ի ազերպայճանական լայնածաւալ յարձակման հետեւանքով զինուորականներու շարքերուն մէջ 200-է աւելի զոհ կայ, առաւել՝ աւելի քան երկու տասնեակ անմեղ քաղաքացիներ զոհուած են: Իսկ Սեպտեմբեր 25-ին պենզինի կայարանի պայթումին հետեւանքով ալ հաստատուած է 220 մահուան պարագայ. զոհերէն 150-ը անճանաչելի վիճակի մէջ են։ Վերջիններուս մասունքները փոխադրուած են Երեւանի Դատաբժշկական փորձաքննութեան կեդրոն՝ ծինաբանական միջոցներով ինքնութիւնը ճշդելու համար։
Կան նաեւ 50-է աւելի անհետացածներ։ ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։