Search
Close this search box.

Շուրջ 8 միլիառ դրամի ծրագիր՝ Հայաստանի ճամբաներու վերանորոգման եւ շինարարութեան համար

ՀՀ Տարածքային կառավարման եւ ենթակառոյցներու նախարար Գնէլ Սանոսեան Յունիս 2-ի կառավարութեան նիստին յայտնած է, որ նախարարութեան ամավարկէն 7 միլիառ 783 միլիոն դրամ (շուրջ 16,5 միլիոն եւրօ) պէտք է յատկացնել ճամբաներու կառուցման եւ վերանորոգման ծրագրերու գանձատրման համար։

Ան նշած է, որ ընդհանուր առմամբ պիտի վերանորոգուի 62,5 քմ. ճամբայ, որու 8,5 քմ.ը՝ միջպետական, 39,5 քմ.ը՝ հանրապետական եւ 15 քմ. ալ՝ տեղական ճամբաներ։

Սանոսեան աւելցուցած է, որ նախապատրաստական աշխատանքները աւարտած են, եւ երբ անհրաժեշտ յատկացումը վաւերացուի, այս տարի պիտի աւարտին ճամբաներու վերանորոգման աշխատանքները։