Այսօր՝ Ապրիլ 8-ին կը լրանայ մեծ մասամբ Մեծն Բրիտանիոյ մէջ գործած հայ հռչակաւոր լուսանկարիչ Իտա Քարի (Իտա Քարամեան 1908 Ապրիլ 8 – 1974 Դեկտեմբեր 12) ծննդեան 116-ամեակը: Արդարեւ, անոր ամէնէն արդիւնաւէտ գեղարուեստական տարիները կը համարուին իր լոնտոնեան տարիները, որոնք սկսած են 1945 թուականին: Հոն, ան հանրածանօթ դարձաւ պոհեմական շրջանակներուն՝ բարձրացնելով լուսանկարչութեան արուեստը եւ զայն վերածելով յարգուած կերպարուեստի:
Երկու հանճար կողք-կողքի։ Մարտիրոս Սարեան կը գծէ Իտա Քարի դիմանկարը
Իտա Քարամեան ծնած է Ռուսաստան։ Ընտանիքը փոխադրուած է նախ Իրան, այնուհետեւ Ալեքսանդրիա, Եգիպտոս, երբ Իտա տասներեք տարեկան էր: 20 տարեկանին ան կը մեկնի Փարիզ՝ ուսանելու համար քիմիա եւ բժշկութիւն, բայց յետոյ կ՚որոշէ փոխել ուղղութիւնը եւ սորվիլ երգեցողութիւն: Փարիզեան Rive Gauche-ի յառաջապահ արուեստագէտներու եւ գրողներու հետ բարեկամութիւնը զինք կը մղեն խորանալու ընկերվարական քաղաքականութեան, գերիրապաշտութեան եւ լուսանկարչութեան մէջ։ Գերիրապաշտ լուսանկարիչ Էտմոն Պելալիի հետ կարճ առաջին ամուսնութենէ մը ետք, 1945-ին Քար կը հանդիպի իր ապագայ երկրորդ ամուսնոյն՝ բրիտանացի բանաստեղծ եւ արուեստի գործերու վաճառորդ Վիքթոր Մասկրեյվին եւ կը հաստատուի Լոնտոն: Հոն, իր լուսանկարչական ասպարէզը ղեկավարող (manager) Ճոն Քեսմինի ալ անմիջական նեցուկով՝ ան կը շարունակէ հանդիպիլ եւ լուսանկարել ծանօթ արուեստագէտներ եւ գրողներ՝ ցուցադրելով իր աշխատանքները համբաւաւոր Սոհոյի Musgrave’s Gallery One-ին մէջ։ 1950-ականներու վերջաւորութեան Քար կը մեկնի Ռուսաստան եւ Ֆրանսա, ուր ան կը լուսանկարէ, ի շարս այլոց, Տմիթրի Շոսթաքովիչը, նկարիչ Ժորժ Պրաքը եւ թատերագիր Էօժէն Իոնեսքօն:
Իր գեղարուեստական գործունէութեան շնորհիւ Իտա միշտ կապը պահպանած է պատմական հայրենիքին հետ։ 1957-ին մանկութենէն ի վեր իր առաջին այցելութեան՝ Հայաստանի մէջ զինք դիմաւորած են որպէս պատուոյ հիւր: 1959-ին ան ճամբորդած է Պերլին՝ Արեւելեան Գերմանիա, ուր կայացած է անոր հայկական շարքի ցուցահանդէսը։
Անոր աշխատանքը իր արժանի բարձրութեան վրայ դրուած է 1960-ին Ուայթչափել պատկերասրահին մէջ կազմակերպուած սեւ-ճերմակ լուսանկարներու ցուցահանդէսով, որ արուեստի լոնտոնեան այդ մեծ վայրէն ներս առաջինն էր իր տեսակին մէջ:
Իտայի «Արուեստագէտը՝ տեսախցիկով» ծածկանունը ոչ միայն կը ցոլացնէ անոր լոնտոնեան յաջողութիւնը, այլ նաեւ իր շուրջը գտնուող գեղարուեստական համայնքներու հետ յարաբերութիւններ մշակելու եւ պահպանելու անոր շնորհը:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։