Search
Close this search box.

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ – Հայ դատի երիտասարդ աջակիցները կը պահանջեն Պաքուի մէջ բանտարկուած հայ պատանդներու ազատ արձակումը

Յուլիս 11-ին, ԱՄՆ-ու Հայ դատի գրասենեակի երիտասարդ աջակիցները երկրի բոլոր անկիւններէն ուղեւորուած են դէպի Գոնկրէսի (Capitol Hill) շէնքը մէկ առաքելութեամբ՝ պահանջելու Ազերպայճանի ցեղասպան վարչախումբին կողմէ ապօրինաբար ձերբակալուած հայ բանտարկեալներու ազատ արձակումը:

Անոնք ելոյթ ունեցած են Գոնկրէսի անդամներուն առջեւ եւ մէկ առ մէկ մտած են գոնկրէսականներու գրասենեակները՝ առաջադրելով օրէնքի նախագիծ մը, որ կը պահանջէ անյապաղ ազատ արձակել Արցախի քաղաքական առաջնորդները եւ Ազերպայճանի մէջ բանտարկուած բոլոր հայ պատանդները:

Օրուան աւարտին երիտասարդները բողոքի ելոյթներ ունեցած են ընդդէմ Ազերպայճանի կառավարութեան պաշտօնատարներու, որոնք կը փորձեն Գոնկրէսի մէջ տարածել իրենց յերիւրանքները։