Search
Close this search box.

ՈՒՐՈՒԿՈՒԱՅ – Հայաստանի եւ Ուրուկուայի միջեւ կրթութեան բնագաւառին մէջ  համագործակցութեան յուշագիր ստորագրուած է

Դեկտեմբեր 13-ին, Ուրուկուայի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան երդիքին տակ տեղի ունեցած է պաշտօնական ընդունելութիւն՝ նուիրուած Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի ու մարզանքի նախարարութեան եւ Ուրուկուայի Հանրային կրթութեան ազգային վարչակազմին (ANEP) միջեւ ստորագրուած փոխըմբռնման յուշագրին։ Առ այդ դեսպանութիւնը հիւրընկալած է ANEP-ի ներկայացուցիչները՝ Կեդրոնական կառավարման խորհուրդի նախագահ Վիրխինիա Գասերեսի գլխաւորութեամբ: 

Ընդունելութեան ներկայ գտնուած է նաեւ Հայաստանի մէջ Ուրուկուայի նորանշանակ դեսպան Սիլվանա Լեսգա, Ուրուկուայի Հանրային կրթութեան նախարարութեան աշխատակիցներ, ինչպէս նաեւ՝ ՀԲԸՄ-ի Ուրուկուայի մասնաճիւղի ներկայացուցիչներ: