Search
Close this search box.

ՈՒՐՈՒԿՈՒԱՅ – Պաշտօնական ընդունելութիւն՝ Հայաստանի Անկախութեան տօնին առիթով

Սեպտեմբեր 19-ին, Մոնթէվիտէոյի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան կազմակերպութեամբ տեղի ունեցած է պաշտօնական ընդունելութիւն՝ Անկախութեան 33-ամեակին առիթով։

Ձեռնարկին մասնակցած եւ ելոյթներով հանդէս եկած են դեսպան Մարիամ Գէորգեան, Ուրուկուայի Ներկայացուցիչներու պալատի նախագահ Անա Օլիվերա, Արտաքին յարաբերութիւններու նախարար Օմար Փականինի եւ այլ պետական պաշտօնատարներ։ Ներկայ եղած են օտար երիրներու դեսպաններ,  խորհրդարանականներ, գործադիր մարմինի եւ քաղաքային իշխանութիւններու ներկայացուցիչներ, հասարակական գործիչներ, լրագրողներ, հայ համայնքի անդամներ:

Բանախօսները՝ շնորհաւորելով Հայաստանի Անկախութեան տօնը ընդգծած են Հայաստան-Ուրուկուայ ջերմ յարաբերութիւնները՝ քաղաքական, առեւտրատնտեսական եւ մշակութային բնագաւառներու մէջ, ինչպէս նաեւ տեղւոյն հայ համայնքին կարեւոր դերը՝ երկկողմ կապերու զարգացման ուղղութեամբ։

Ընդունելութեան սրահին մէջ ներկայացուած է Հայաստանի տեսարժան վայրերու մասին պատմող լուսանկարչական ցուցահանդէս մը։ Պարային եւ երաժշտական կատարումներով ներկաները հմայած են «Գայիանէ» հայկական պարերու համոյթը եւ «Երեւան 50» երաժշտական խումբը: