Search
Close this search box.

ՈՒՔՐԱՆԱՀԱՅ ԿԵԱՆՔ – Հայկական եկեղեցւոյ հիմնաքարի օծման եւ խաչքարի բացման հանդիսաւոր արարողութիւն

Սեպտեմբեր 15-ին, Ուքրաինայի Քրեմենչուք քաղաքին մէջ տեղի ունեցած է հայ եւ ուքրանացի ժողովուրդներու անմեղ զոհերու յիշատակին նուիրուած խաչքարի բացման եւ հայկական եկեղեցւոյ հիմնաքարի օծման հանդիսաւոր արարողութիւնը, ներկայութեամբ Հայաստանի դեսպանութեան երկրորդ քարտուղար Հայկ Թորոսեանի։

Արարողութեան մասնակցած եւ ողջոյնի խօսքով հանդէս եկած են Ուքրաինայի հայոց թեմի առաջնորդ Մարկոս եպիսկոպոս Յովհաննիսեան, Քրեմենչուքի քաղաքապետ Վիթալի Մալեցքի, «Ուքրաինայի ազգային համայնքներու խորհուրդ» հասարակական կազմակերպութեան ղեկավար Աշոտ Ավանէսեան, տեղւոյն հայ համայնքի ներկայացուցիչներ։

Իր ելոյթին Հայկ Թորոսեան յատկապէս նշած է, թէ սոյն ձեռնարկը տեղի կ՚ունենայ այն ժամանակաշրջանին երբ երկու ժողովուրդներն ալ դէմ- յանդիման կը գտնուին անվտանգութեան լուրջ մարտահրաւէրներու։ “Քրեմենչուքի հայ համայնքի այս գեղեցիկ նախաձեռնութիւնը կը վկայէ շրջանի հայութեան  միասնականութեան, տեղական իշխանութիւններուն հետ արդիւնաւէտ համագործակցութեան եւ Ուքրաինայի ապագայի նկատմամբ վստահութեան մասին”,– ընդգծած է հայ դիւանագէտը։