Search
Close this search box.

ՉԵԽԻԱ. Սերգէյ եւ Լուսինէ Խաչատրեանները փայլեցան չեխական «Concentus Moraviae» փառատօնին

Չեխիոյ «Օրեր» ամսագրէն կը տեղեկանանք, որ «Concentus Moraviae» 27-րդ ամէնամեայ երաժշտական փառատօնին մասնակցած են աշխարհահռչակ հայ ջութակահար Սերգէյ Խաչատրեան եւ տաղանդաշատ դաշնակահար Լուսինէ Խաչատրեան։

Յունիս 23-ին հայ երաժիշտները ելոյթ ունեցած են Վալթիցէ դղեակին մէջ, ուր արժանացած են հիանալի ընդունելութեան։ Իսկ Յունիս 25-ին Իվանիշէթ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած համերգին ներկայ եղած են նաեւ Չեխիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Աշոտ Յովակիմեանն ու դեսպանութեան դիւանագիտական անձնակազմը։

Փառատօնային ելոյթներու ժամանակ Խաչատրեանները մեկնաբանած են Կոմիտասի, Արամ Խաչատրեանի, Առնօ Բաբաջանեանի, Էդուարդ Միրզոյեանի եւ Էդուարդ Բաղդասարեանի գործերը, արժանանալով ներկայ հանդիսատեսի բարձր գնահատանքին։

Լուսանկարները՝ Հայաստանի դեսպանութեան եւ երաժիշտներու Դիմագիրքեան էջերէն։