Չինական Մեծ պարիսպի Մութիանիու հատուածին մէջ քանի մը օր առաջ «Հայկական մշակութային օրեր»-ու պաշտօնական բացումը կատարուած է։ Ձեռնարկը կազմակերպուած է Հայ-չինական գործընկերութեան կեդրոնի եւ «Մութիանիու» զբօսաշրջային ընկերութեան կողմէ, Չինաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան աջակցութեամբ։ Առաջին անգամ ըլլալով հայկական մշակոյթը, արուեստը, զբօսաշրջային գրաւչութիւնը եւ հայկական ապրանքները ներկայացուած են հանրայայտ չինական Մեծ պարիսպի տարածքին:
Արարողութեան ներկայ եղած են Հայաստանի հիւպատոս Միսակ Բալայեան, պաշտօնական հիւրեր, արուեստագէտներ, լրասփիւռներ, այցելուներ:
Հայ-չինական գործընկերութեան կեդրոնէն կը հաղորդեն, թէ բացման արարողութեան հիւրերուն եւ զբօսաշրջիկներուն ներկայացուած են հայկական երգն ու երաժշտութիւնը, աւանդական հայկական տարազները, Հայաստանի փակ տաղաւարին մէջ՝ հայ գեղանկարիչներու ստեղծագործութիւնները, հայկական յուշանուէրներ, գորգարուեստի նմուշներ:
Ցուցասրահին մէջ ներկայացուած է նաեւ Հայաստանի Կոտայքի մարզի Քանաքեռաւանի արուեստի դպրոցի սաներու նկարչական գործերը:
Տօնական այս օրերուն չինական Մեծ պարիսպի Մութիանիուի հատուածին օրական այցելուներու թիւը կը գերազանցէ 50.000-ը:
Սեպտեմբեր 27-ին սկսած «Հայկական մշակութային օրեր»-ու ցուցադրութիւնը կը շարունակուի ամբողջ տարի մը։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։