Նոյեմբեր 19-ին, Ազգային գրադարանի թամանեանական մեծ ցուցասրահին մէջ բացումը կատարուած է պալէի պատմութեան նուիրուած՝ նոյն գրադարանի եւ Արուեստի ռուսաստանեան պետական գրադարանի միատեղ ցուցադրութեան։
Գիրքերու եւ նօթաներու հրատարակութիւններով, թատերական ազդագրերով եւ լուսանկարներով ներկայացուած են Արամ Խաչատրեանի, Էդգար Յովհաննիսեանի, Գրիգոր Եղիազարեանի, Գրիգոր Հախինեանի, Առնօ Բաբաջանեանի եւ այլ երգահաններու ստեղծագործութիւնները։ Այցելուներուն՝ առանձին բաժիններով հրամցուած են Արամ Խաչատրեանի «Գայիանէ» եւ «Սպարտակ» պալէները, հայկական պալէի անուանի մենակատար Վիլեն Գալստեանի մասին գրականութիւն եւ լուսանկարներ:
«Ռուսական բալէի առաջին անունները» լուսանկարներու շարքը կը ներկայացնէ 1890-ական թուականներէն մինչև մեր օրերը Արուեստի ռուսաստանեան պետական գրադարանի հազուագիւտ թատերական լուսանկարներու հաւաքածոն։ Սոյն գրադարանը տէր է յետխորհրդային շրջանի ամէնէն հարուստ արուեստագիտական հաւաքածոյին՝ աւելի քան 2 միլիոն նմուշով։
Գրադարանի մշակութային ծրագրերու բաժնի վարիչ Եկատերինա Շումիանցեւա իր ելոյթին ներկայացուցած է ռուսական պալէի պատմութիւնը եւ նշանաւոր դէմքերը՝ Աննա Փավլոքա, Մայա Փլիսեցքայա, Վացլաւ Նիժինսքի, Եկատերինա Մաքսիմովա, Մարիուս Լիէպա եւ ուրիշներ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։