«2024 Դեկտեմբեր 18–19 Պաղտատի մէջ կայացաւ հոգեւորականաց հաւաք։
Դեկտեմբեր 18-ին, Պաղտատի Սուրբ Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն, ապա Իրաքի տարբեր ծուխերուն մէջ ծառայող քահանայ հայրերը հանդիպում ունեցան Սրբազան հօր հետ, քննակելով եկեղեցական շարք մը հարցեր։
Դեկտեմբեր 19-ին Առաջնորդարանին մէջ, նախագահութեամբ Իրաքի Հայոց թեմի առաջնորդ Օշական եպիսկ. Կիւլկիւլեանի, կայացաւ Քահանաներու ժողով։
Ժողովը սկսաւ միասնական աղօթքով. ան բաղկացած էր հինգ նիստերէ, որոնցմէ իւրաքանչիւրի ընթացքին կը կատարուէր բանախօսութիւն եւ քննարկում։
Առաջին նիստին հանդէս եկաւ Առաջնորդ սրբազանը. ան իր խօսքին մէջ ընդգծեց նման հաւաքներու կարեւորութիւնը, նշելով որ ատիկա հնարաւորութիւն կու տայ մէկտեղուելու, հոգեւոր առանձնութիւն, փորձառութեան փոխանակում եւ տարատեսակ հարցերու եւ խնդիրներու շուրջ քննարկում ունենալու։
Սրբազանը խօսեցաւ եկեղեցւոյ առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն եւ ծիսական միօրինակութեան մասին։
Երկրորդ նիստին «Հայոց եկեղեցւոյ ծէսը» նիւթին շուրջ ատենախօսեց Յակոբոս քհնյ Իսահակեան, ի մասնաւորի շեշտելով Հայոց ծէսի անաղարտութիւնը եւ միօրինակութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը։
Երրորդ նիստին «Քահանայի պարտականութիւնն ու իրաւունքները եւ Հայոց եկեղեցւոյ ծիսական լեզուն» նիւթը ներկայացուց Սեպուհ քհնյ Պաղտասարեան։
Չորրորդ նիստին բանախօսն էր Արտակ քհնյ Միրզոյեան, որ ներկայացուց «Եկեղեցւոյ ծառայութեան Աստուածաբանութեան հիմքը» նիւթը։
Հինգերորդ նիստը վարեց Իրաքի Հայոց նախկին Առաջնորդ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբան Աւագ արք. Ասատուրեան։
Ժողովի աւարտին, հանդիսապետութեամբ Օշական եպիսկ. Կիւլկիւլեանի, Սուրբ Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ Հանգստեան ժամերգութիւն։
Երեկոյեան, Սրբազան Հայրերու, քահանաներու եւ Ազգային կեդրոնական վարչութեան ատենապետի եւ անդամներու մասնակցութեամբ, տեղի ունեցաւ միասնական ընթրիք»։
Լուսանկարները` Վահիկ Աւետիսեանի
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։