Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեյհուն Պայրամով յայտարարած է, թէ իր երկիրը Հայաստանին ներկայացուցած է խաղաղութեան պայմանագրի լրացուցիչ բաղադրիչները։
Ան ըսած է, թէ այդ կէտերը կը լրացնեն նախապէս ներկայացուած հինգ սկզբունքները, որոնք պէտք է Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի եւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հիմք հանդիսանան։
Պայրամովի համաձայն՝ հայկական կողմը ժամանակ խնդրած է՝ նշեալ յաւելեալ կէտերուն ծանօթանալու համար։
* * *
Ակներեւ է, որ արդէն ներկայացուած եւ Հայաստանի համար անտանելի պայմաններու շուրջ դեռ համաձայնութիւն չգոյացած՝ անոնց վրայ անդադար նոր պայմաններ կուտակելու իր քաղաքականութեամբ՝ Պաքու կը միտի հարցը հասցնել խզումի, իր ռազմատենչ հեռանկարներուն ճամբայ հարթելու նպատակաւ։ Այնուհետեւ, դիւրին կը դառնայ միջազգային հարթակներու վրայ աղաղակել, որ Հայաստան չ՚ընդունիր «Պաքուի մեկնած խաղաղութեան ձեռքը»։
Ինչպիսի վե՜հ խաղաղասիրութիւն։ ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։