Հայաստանի մէջ Ֆրանսական հիմնարկը «X» ընկերային ցանցի իր հաշիւին տեղադրած գրառումով կը տեղեկացնէ, թէ հիմա արդէն կարելի է նախաճաշակ մը ունենալ «Պարոն Ազնաւուր» ժապաւէնէն՝ շնորհիւ ֆիլմի ծանուցական երիզին (bande annonce), որ կցուած է գրառման։
«Պարոն Ազնաւուր»-ի առաջին դրուագները հոս են արդէն։ Երէկ գիշեր սկսաւ Շառլ Ազնաւուրի նուիրուած կենսագրական ֆիլմի ծանուցական երիզի ներկայացումը։ Ֆիլմի բեմադիրներն են Մեհտի Իտիր եւ Կռան Գոր Մալատ, մինչ Թահար Ռահիմ գերազանցօրէն կը մարմնաւորէ արուեստագէտը»,– նշուած է գրառման մէջ։
Նշենք, որ «Պարոն Ազնաւուր»՝ շարժանկարի սրահներուն մէջ կը սկսի ցուցադրուիլ Հոկտեմբեր 23-էն։
Ծանուցական երիզին կապը.
https://x.com/ifarmenie/status/1831277030865846516?s=46&t=eM5BEj6nxP2I8UI4sVY0Zg
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։