2024 Մարտ 28-էն Ապրիլ 1, տեղի ունեցան 24-րդ Եւրոհայկական խաղերը, որոնք կազմակերպուած էին Պարսելոնայի հայկական մշակութային միութեան կողմէ։ Պարսելոնան երկրորդ անգամն էր, որ կը հիւրընկալէր Եւրոհայկական խաղերը, առաջինները տեղի ունեցած էին 2014-ին։
Այս հսկայական նախաձեռնութիւնը պահանջած է վեցամսեայ միութենական կազմակերպչական աշխատանք, խաղերու ընթացքին՝ շուրջ 100 հոգիի կամաւոր մասնակցութեամբ՝ դիմաւորելու համար 600 մարզիկներն ու հիւրերը, զանոնք տեղաւորելու, փոխադրելու մարզադաշտ, մրցումներու ընթացքին խումբերն ու խաղերը տեղւոյն վրայ առաջնորդելու, դասաւորելու, ապա նաեւ զանոնք կերակրելու եւ երեկոները հաւաքական զուարթ ժամանցներ կազմակերպելու։ Հարկ եղած է նաեւ ստեղծել կարգապահութեան հսկող համակարգ, երաշխաւորելու համար ապահովութիւնը, հետեւելու խաղերու հեզասահ ընթացքին։
Եօթը մարզաձեւերու խաղեր կազմակերպուած էին, 17 երկիրներէ 31 պատուիրակութիւններու եւ անհատ մասնակիցներու համար։ Սպանիոյ միջերկրականեան ափին՝ Պարսելոնայի CEM La Mar Bella ծովահայեաց մեծագոյն մարզադաշտը երկու օրերու ընթացքին դարձաւ հայ մարզիկներու ժամադրավայրը։ Երկու խաղավայր նուիրուած էր ֆութսալի, մէկական՝ պասքէթպոլի, վոլեյպոլի, պատմինթընի, սեղանի թենիսի, ճատրակի եւ նարտիի։
Առաջին օրը՝ Մարտ 28-ին մասնակիցները ծանօթացան իրարու, ինչպէս նաեւ մրցումներու վիճակահանութեան ամենայն թափանցիկութեամբ կազմակերպման աշխատանքներուն։
Նշենք, թէ Պարսելոնայի համայնքը, որ կազմուած է մեծ մասամբ Հայաստանէն արտագաղթած հայերէ եւ աւանդական սփիւռքէն քանի մը ընտանիքներէ, բացառիկ նուիրումով կազմակերպած էր Եւրոհայկական խաղերը։ Ինչպէս վերեւ ըսինք, վեց երկար ամիսներ տեւած տքնաջան աշխատանքի արդիւնք էր սոյն մրցաշարքի կազմակերպումը, որ իրապէս մեծ իրադարձութիւն է միայն 4000 անդամ հաշուող համայնքի մը համար։ Պարսելոնայի հայ համայնքը Տաթեւ Սուլեանի ղեկավարութեամբ կրցաւ յաջողութեամբ գլուխ հանել այս նուիրական «մարտահրաւէր»-ը։
Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակի ղեկավար Մուշեղ Ղուկասեան եւ Կարէն Ավանէսեան, ինչպէս նաեւ Սպանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Սօս Աւետիսեան յատուկ հրաւէրով ներկայ գտնուեցան խաղերուն։
Մրցումները ծայր առին Մարտ 30, առաւօտուն ժամը 9-ին։ Ֆութպոլի խումբերուն թիւը 22 էր, պասքեթպոլինը՝ 12, վոլեյպոլինը՝ 12, պատմինթընինը՝ 8, սեղանի թենիսինը՝ 33։
Խաղերուն մթնոլորտը շատ ոգեւորիչ էր, երիտասարդներու դրսեւորուող ուժականութիւնը՝ տպաւորիչ։ Նշենք նաեւ, որ Պարսելոնայի մեծագոյններէն համարուող CEM La Mar Bella մարզահամալիրը նեղ կու գար 600 մասնակցներուն։ Թերեւս յաջորդին պէտք է առաւել յարմար դաշտերու մէջ կազմակերպել մրցումները, որոնք կրնան համախմբել բազում մարզաձեւերը։
Սոյն խաղերը կազմակերպուած էին Զատկուան տօնին առիթով, հետեւաբար մասնակից մարզիկները միասնաբար տօնեցին հայկական Զատիկը մարզադաշտերուն վրայ։
Պատմականօրէն, Եւրոհայկական խաղերուն սկիզբ դրուած է ՀԲԸՄ-ի կողմէ (մինչեւ 1995), երբ պարբերաբար կը կազմակերպուէին մրցաշարքեր, բայց յետոյ յարմար նկատուած է այդ մրցումներուն համաեւրոպական բնոյթ տալ, նկատի առնելով հայկական համայնքներու բոլոր ակումբներու, կազմակերպութիւններու պահանջը, ցանկութինը, հայ երիտասարդները քով-քովի բերելու աւելի մեծ հնարաւորութիւն ստեղծելու։ 1996-էն մարզախաղերը կը ստանան համաեւրոպական տարողութիւն։ Այնուհետեւ մինչեւ 2019 շուրջ 23 հաւաքներ տեղի ունեցած են։ 2020-ին, պսակաձեւ ժահրին պատճառով մարզախաղերը ընդմիջուած են։ Այլ խօսքով, 2024-ը համաեւրոպական խաղերու վերսկսման տարին ըլլալով կը յատկանշուի։ Բացի Եւրոհայկական խաղերէն, Եւրոպայի հայկական համայնքները կը մասնակցին նաեւ չորս տարին անգամ մը Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող Համահայկական խաղերուն։
Եւրոհայկական խաղերու կազմակերպիչ մարմինը կազմուած է տարբեր երկիրներու 9 ներկայացուցիչներէ, որոնք արդէն 1996-էն ի վեր կ՚աշխատին եւ մաս կը կազմեն նաեւ Համահայկական խաղերու կեդրոնական խորհուրդին։ Այս տարի Պարսելոնայի ակումբէն Տաթեւ Սուլեանն էր, որ ստանձնած էր մարզախաղերուն ընդհանուր պատասխանատւութիւնը։
Նախատեսուած է Եւրոհայկական յաջորդ խաղերը գալ տարի կազմակերպել Սոֆիայի մէջ՝ Պուլկարիա, որ նախապէս նման խաղեր կազմակերպած ըլլալու փորձառութիւնը ունի։
Թ.Շ. ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։