Search
Close this search box.

Պաքու դարձեալ կը սպառնայ Երեւանին

Ազերպայճանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Ռամիլ Ուսուպով, իր կարգին, կը սպառնայ Երեւանին՝ պնդելով, թէ որքան յետաձգուի այսպէս կոչուած «խաղաղութեան» պայմանագրի ստորագրումը, այնքան «աւելի շատ կորուստներ» կը կրէ Հայաստանը։ 

Ան վստահ է, որ Հայաստան կործանման եզրին է, եւ առանց նկատի ունենալու, թէ ամէնէն եղծանուած երկիրներէն մէկուն ներկայացուցիչն է՝ կը հաւաստէ, որ «կործանման» մասին կը վկայէ Հայաստանի «պետական վարչակազմի եղծանումը»։

Ուսուպովի համոզումով՝ Հայաստան «կարելիին չափ շուտ պէտք է փորձէ ստորագրել խաղաղութեան համաձայնագիրը»։ Անոր կարծիքով՝ Պաքու «պատմական հնարաւորութիւն» կ՚ընձեռէ ոչ միայն Հայաստանին, այլեւ Արցախի բնակչութեան։ Ազերպայճանցի պաշտօնատարը համոզուած է,– հակառակ ազերպայճանական զինեալներու գազանութիւններուն եւ Հայերը սպանելու կոչերուն,– որ այսպէս կոչուած «համարկումը» եւ «ազերպայճանական անձնագիրը», զորս կ՚առաջարկէ Պաքու, եզակի առիթ կը հանդիսանան Ղարաբաղի Հայերուն համար»։

Շարունակելով իր լուսամիտ հաստատումները, Ուսուպով աւելցուցած է. “Սահմանազատման եւ սահմանագծման գործընթացի աւարտը, խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրումը առաւել անհրաժեշտ են Հայաստանին։ Ազերպայճան ամբողջովին ապահոված է իր հողային ամբողջականութիւնը, մեր սահմանները մեր վերահսկողութեան տակ կը գտնուին, մեր երկրին սպառնացող հակառակորդի ռազմավարական դիրքերն ալ կը գտնուին մեր հսկողութեան ներքոյ”,– եւ եզրափակած.

“«Զանգեզուրի միջանցք»-ին բացումը իր կարգին լրացուցիչ խթան պիտի հանդիսանայ տարածաշրջանի զարգացման համար եւ տնտեսական մեծ օգուտ պիտի բերէ Հայաստանին”: