Ազերպայճանի նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններու գծով ներկայացուցիչ Էլչին Ամիրբեկով յայտարարած է, թէ Ազերպայճան կը սպասէ, որ Հայաստան ճշգրիտ տուեալներ ներկայացնէ ականներու վերաբերեալ։
“Մեր ակնկալիքը այն է, որ Հայաստան պէտք է ստոյգ տուեալներ ներկայացնէ եւ այդ կրնայ դիտարկուիլ իբրեւ երկու կողմերու միջեւ վստահութեան հիմնական չափանիշ”,– ըսած է ան:
Ամիրբեկով աւելցուցած է նաեւ որ ականներու մասին նախապէս հայկական կողմին տրամադրած տեղեկութիւնը «շատ անորակ է եւ ցած մակարդակի»:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։