Search
Close this search box.

Պաքու դիւանագէտներու այց կազմակերպած է Ակնայ-Ստեփանակերտ ճամբուն վրայ

Օգոստոս 31-ին, Ազերպայճան շուրջ հինգ տասնեակ երկիրներու՝ այդ կարգին Թուրքիոյ, Ռուսաստանի, Իրանի եւ Վրաստանի դիւանագէտներուն համար այց մը կազմակերպած է Ակնայ-Ստեփանակերտ ճամբուն վրայ՝ ցուցադրելու «մարդասիրական» բեռը, զոր ան մտադիր է Արցախ փոխադրելու:

Ազերպայճանական լրասփիւռներուն համաձայն՝ այցի նպատակն է ցոյց տալ, որ «Հայերը կ՚արգիլեն իրենց բեռնատարներուն Ղարաբաղ ալիւր հասցնել»:

Թուարկուած երկիրներու մէջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի համանախագահներ ԱՄՆ-ն ու Ֆրանսան կը բացակային:

Պաքու՝ Ակնայի ճամբուն մերժումը«ցեղապաշտութիւն» որակած է, զգուշացնելով թէ թոյլ պիտի չտայ, որ իր տարածքին «գորշ գօտի» գործէ

Ազերպայճանի նախագահի Արտաքին քաղաքական հարցերու օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ, որ վերոնշեալ այցին կ՚ուղեկցէր դիւանագէտներուն, «ցեղապաշտութիւն» որակած է Ակնայի ճամբուն օգտագործման մերժումը՝ զգուշացնելով թէ թոյլ պիտի չտան, որ իրենց տարածքին «գորշ գօտի» գործէ։

“Ազերպայճան բազմիցս յայտարարած է, որ Աղդամ-Ստեփանակերտ ճամբով որեւէ բեռ շատ կարճ ժամանակի մէջ կրնայ փոխադրուիլ համապատասխան շրջաններ։ Այդ ճամբուն օգտագործման մերժումը մենք կրնանք գնահատել իբրեւ ցեղապաշտութիւն եւ խտրականութիւն”,– ըսած է ան, միաժամանակ ամբոխավարութիւն որակելով մարդասիրական օգնութիւն ուղարկելու Հայաստանի քայլը, ընդգծելով որ այդ ուղղութեամբ Պաքուի հետ համաձայնութիւն չէ գոյացած։ “Նախորդ օրն ալ Եւրոպայի քաղաքական կաշառակեր գործիչները, որոնք հայկական քարոզչութեան ազդեցութեան տակ կը գտնուին, այցելեցին Ազերպայճանի սահմանը։ Բայց այդպիսի «շօու»-եր անիմաստ են եւ իրական հարցերը պէտք է տեղւոյն վրայ լուծուին”,– օտար դիւանագէտներու առջեւ նշած է Հաճիեւ։ ■