Search
Close this search box.

Պաքու Եւրոպական խորհրդարանի որդեգրած բանաձեւը իր ներքին գործերուն միջամտելու փորձ կ՚որակէ

Ազերպայճանի Միլլի մեճլիսը (խորհրդարան) անմիջապէս հակազդելով Եւրոպական խորհրդարանի որդեգրած բանաձեւին՝ յայտարարած է, թէ ան (Եւրոպական խորհրդարանը), «մէկ կողմ ձգելով բոլոր խնդիրները, կրկին յարձակած է Ազերպայճանի վրայ»։

«Պաքու ընտելացած է ազերի ժողովուրդի օրինական ակնկալիքներու նկատմամբ Եւրոպական խորհրդարանի արհամարհական վերաբերումին։ Կարելի չեղաւ հաշտուիլ այն մտքին հետ, որ Ազերպայճան 44-օրեայ պատերազմով եւ հակաահաբեկչական գործողութիւններով ապահովեց իր տարածքային ամբողջականութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը»,– նշուած է այդ երկրի խորհրդարանի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։

Ընդգծելով, որ բանաձեւը «կը պարունակէ փաստեր, անհեթեթ յայտարարութիւններ, մեղադրանքներ, սպառնալիքներ ու կեղծ տեղեկութիւններու վրայ հիմնուած պահանջներ»՝ Պաքու զայն համարած է փաստաթուղթ մը, ուր մէկտեղուած են «Ազերպայճանի դէմ գործող տարբեր շահագրգիռ խումբերու կողմէ կիրարկուող նիւթեր ու ճնշումի գործիքներ»։

Բանաձեւը՝ ըստ Պաքուի, իր ներքին գործերուն միջամտելու փորձ մըն է։

Խմբագրական