Search
Close this search box.

Պաքու, իր կարգին, Ֆրանսայի դեսպանէն բացատրութիւն պահանջած է

Ֆրանսայի մէջ Ազերպայճանի դեսպանին Արտաքին նախարարութիւն կանչուելուն յաջորդ օրը՝ Նոյեմբեր 20-ին, Պաքու, իր կարգին, Արտաքին գործոց նախարարութիւն «հրաւիրած» է Ֆրանսայի դեսպան Անն Պուայօն եւ բացատրութիւն պահանջած՝ ֆրանսական իշխանութիւններուն կողմէ COP29-ը պոյքոթի ենթարկելու յայտարարութիւններու մասին, շեշտելով թէ անոնք անընդունելի են։

Ազերպայճանի դիւանագիտական գերատեսչութիւնը դեսպանին հաղորդած է նաեւ Պաքուի դժգոհութիւնը ֆրանքեւհայկական ռազմական համագործակցութեան կապակցութեամբ, յատկապէս ընդգծելով, թէ «Հայաստանը զինելու եւ վրէժխնդրութիւնը խրախուսելու Ֆրանսայի քայլերը վնաս կը հասցնեն խաղաղութեան բանակցութիւններուն»։