Search
Close this search box.

Պաքու կ՚ամբաստանէ Հայաստանը՝ սահմանները «չճանչնալու» մեղադրանքով

 

Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան (ԱԳՆ) մամլոյ քարտուղար Այխան Հաճիզատէ հակադարձած է Հայաստանի ԱԳՆ-ի յայտարարութեան, ուր Հայաստան՝ Ֆրանսայի հետ սպառազինութեան համագործակցութեան գծով Պաքուի հակազդեցութեան առնչութեամբ տարակուսանք յայտնած է։

“Մենք կտրականապէս կը մերժենք Հայաստանի ԱԳՆ-ի 2024 Յունիս 19-ի յայտարարութիւնը, որ կ՚արդարացնէ այդ երկրի սպառազինութեան ջանքերը”,– ըսած է Հաճիզատէ։

Ան մեղադրած է Հայաստանը միջազգային իրաւունքի չափանիշներն ու  սկզբունքները 30 տարի շարունակ կոպտօրէն խախտելուն համար: Ըստ Հաճիզատէի՝ Հայաստան խախտած է Ալմաթիի հռչակագիրը, «յարձակում գործած է Ազերպայճանի տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան դէմ, շարունակած է դրացիներու նկատմամբ իր տարածքային պահանջները եւ մի՛այն Ազերպայճանի ձեռնարկած քայլերուն շնորհիւ է, որ դադրեցուցած է իր յարձակողական գործողութիւնները»։

Ան նշած է, թէ աւելի լաւ պիտի ըլլար, եթէ հայկական կողմը, վկայակոչելով 1991-ի սահմաններու եւ Ալմաթիի հռչակագրի հիման վրայ տարածքային ամբողջականութիւնը, բացատրէր, թէ ինչո՞ւ աւելի քան 30 տարի է որ չի յարգեր այդ պայմանագրերը եւ կը մերժէ ճանչնալ խորհրդային քարտէսներու վրայ նշուած սահմանները։

Հաճիզատէ անհեթեթ համարած է Հայաստանի ո՛չ մէկ սահման ճանչնալը, 30 տարի յետոյ առանց սահմանի զատման՝ ազերպայճանական զինուժի գրաւած դիրքերը ներկայացնելը իբրեւ հայկական գիւղերու տարածք եւ Ազերպայճանը՝ բռնագրաւումի մեղադրանքով ամբաստանելը։

Միաժամանակ ան մեղադրանքներ հնչեցուցած նաև Ֆրանսայի հասցէին՝ Հայաստանին մահաբեր յարձակողական զէնքի մատակարարման համար, նշելով որ Փարիզի այս քաղաքականութիւնը կը նպաստէ Հայաստանի կողմէ յաջորդական յարձակման, խորհուրդ տալով զերծ մնալու այդ քայլերէն, քանի տակաւին ուշ չէ։

Հաճիզատէ նշած է, որ Հայաստան շահագրգռուած չէ մնայուն խաղաղութեամբ եւ կը փորձէ միայն պահպանել այս իրավիճակը իբրեւ յետադարձ տարբերակ՝ ապագային Ազերպայճանի դէմ կրկին յարձակելու համար։