Պաքու դատապարտած է Եւրոպայի Խորհուրդի (ԵԽ)՝ Խոշտանգումներու կանխարգիլման յանձնախումբի Յուլիս 3-ին հրապարակած յայտարարութիւնը։
Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Այխան Հաճիզատէ ըսած է, թէ Ազերպայճանի դէմ Յանձնաժողովին «աննախադէպ հրապարակային յայտարարութիւնը խոր ափսոսանք կը պատճառէ»։
“Յանձնախումբը աննախադէպ որոշում կայացուցած է՝ առանց Ազերպայճանի համաձայնութեան ամբողջութեամբ հրապարակելու 2022-ի յատուկ այցելութեան արդիւնքներու մասին զեկոյցը։ Այս մօտեցումը անարդար է եւ անհիմն, ինչպէս նաեւ իրաւական տեսակէտէն հարցեր կը յառաջացնէ”,– յայտարարած է Հաճիզատէ։
Նշենք, թէ ԵԽ-ի՝ Խոշտանգումներու կանխարգիլման յանձնախումբը յայտարարած է, թէ Ազերպայճան մերժած է համագործակցիլ Յանձնախումբին հետ՝ Պաքուի այդ քայլը որակելով Ազերպայճանի կողմէ Խոշտանգումներու կանխարգիլման եւրոպական համաձայնագրի խախտում։
Կառոյցը նաեւ պնդած է, որ տարիներ շարունակ Ազերպայճանի շարք մը գերատեսչութիւններ, ներառեալ՝ իրաւապահ կառոյցները կը մերժեն «քայլերու ձեռնարկել՝ կեանքի կոչելու Յանձնախումբի երկարամեայ յանձնարարականները՝ դադրեցնելու խոշտանգումներու գործադրութիւնը»։
ԵԽ-ին կից կառոյցը յատկապէս առանձնացուցած է Ազերպայճանի բանտերուն մէջ պահուող անձանց նկատմամբ վերաբերումը՝ շեշտելով, որ բանտարկեալները կ՚ենթարկուին խոշտանգումներու՝ «ապտակի, բռունցքով, ոտքով, մահակներով կամ փայտերով հարուածներու»:
«Բացի ատկէ, Յանձնախումբը ստացած է շիշերով բռնաբարութեան սպառնալիքներու, ելեկտրական ցնցումի կիրարկման մասին հաղորդումներ: Արձանագրուած են նաեւ ձերբակալուածներու հարազատներու նկատմամբ հաշուեյարդարի սպառնալիքներ՝ քրէական հետապնդման միջոցով»,– նշուած է Յանձնախումբի՝ Ազերպայճանի վերաբերեալ զեկոյցին մէջ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։