Պաքու առանց ամչնալու կը համարձակի ամբաստանել Հայաստանը՝ Դադիվանքի «զանգակները գողնալ»-ու մեղադրանքով։
«Թալան»-ի մասին Պաքու այս գաղափարը յայտնած է իր երկրի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագէտներու՝ Քարվաճառի շրջան յաջորդական այցելության ընթացքին։
Ազերպայճան Դադիվանքի վանական համալիրին անուանումը աղաւաղելով զայն «Խուդավենդի» կը կոչէ։
Ազերպայճանական լրասփիւռները հետեւեալ ձաբռտուքը գրած են. «Դիւանագէտներուն ներկայացուած է ընդարձակ տեղեկութիւն Խուդավենդի վանական համալիրի՝ հնագոյն աղուանական տաճարի պատմութեան մասին։ Անոնց տեղեկացուած է թէ հայկական գրաւման ընթացքին վանքը ենթարկուած է վանդալական արարքներու, գողցուած են զանգակները, որմնանկարները, գորգերը եւ այլն»։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։