Search
Close this search box.

Պաքու կը մերժէ զօրքերը փոխադարձ կարգով ետ քաշելու Երեւանի առաջարկը

Դեկտեմբեր 14-ին, Թուրքիոյ իր պաշտօնակից Հաքան Ֆիտանի հետ ունեցած միացեալ մամլոյ ասուլիսին, Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեյհուն Պայրամով յայտարարած է, թէ Պաքու կը մերժէ Հայաստանի հետ սահմանէն փոխադարձ կարգով զօրքերը ետ քաշելու Երեւանի առաջարկը: «Ես համաձայն չեմ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարին հետ»,– ըսած է ան։

Աւելի՛ն, Պայրամով պնդած է, թէ ազերպայճանական զօրքը սա պահուս կը գտնուի իր տարածքին մէջ, փաստօրէն հերքելով Հայաստանէն տարածքներ գրաւելու մասին Երեւանէն հնչող յայտարարութիւնները։

“Հայ-ազերպայճանական սահմանը զատուած չէ, եւ այդ բաւական բարդ հարց մըն է։ Եթէ զօրքերը ետ քաշուին՝ առանց ամբողջական համաձայնութեան, ո՞վ կրնայ երաշխաւորել, որ կողմերէն մէկը կրկին դիրքեր պիտի չգրաւէ։ Այսօր ազերպայճանական բանակը տրամաբանականօրէն կը պաշտպանէ Ազերպայճանի սահմանները։ Ազերպայճանական բանակը այդ սահմաններուն հասած է ոչ թէ մէկու մը բարի կամքով կամ հրաւէրով, այլ՝ ազատագրած է իր տարածքները 30 տարի արիւնահեղութենէ ետք։ Մենք այսօր կանգնած ենք մեր սահմանին վրայ”,– ըսած է Պայրամով։