Յունուար 29-ին, Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Այխան Հաճիզատէ հակադարձած է նախորդ օր՝ Բանակի օրուան առիթով Հայաստանի վարչապետ Փաշինեանի յայտարարութիւններուն, եւ ի մասնաւորի՝ յարձակումը բացառելու մասին առաջարկին, զոր մերժած է։
Ան ըսած է, թէ Հայաստանի վարչապետին յայտարարութիւնը նպատակ ունի շեղելու ուշադրութիւնը խաղաղութեան երկկողմ համաձայնագրէն եւ միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման հոլովոյթէն:
“Հակառակ անոր որ նշեալ համաձայնագրի նախագծի քննարկման սկիզբէն ի վեր ազերպայճանական կողմը հայկական կողմին կոչ ըրած է վերջ դնելու Ազերպայճանի տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան նկատմամբ ոտնձգութիւններուն, որոնք առկայ են Սահմանադրութեան, տարբեր օրէնքներու եւ որոշումներու, 44-օրեայ պատերազմէն ետք միջազգային ատեաններուն հասցէագրուած դիմումներու, միջազգային կազմակերպութիւններուն ուղղուած պաշտօնական նամակագրութիւններու մէջ, Հայաստան տակաւին որեւէ գործնական քայլի չէ դիմած այդ ուղղութեամբ”,– պնդած է Հաճիզատէ:
Անոր համաձայն՝ այդ առումով միջոցներու ձեռնարկելու փոխարէն գործնական նշանակութիւն չունեցող առաջարկներ հնչեցնելը թիւրիմացութիւն կը ստեղծէ եւ անընդունելի է։
“Ծանօթ է, որ Հայաստան անցեալ 30 տարիներու ընթացքին կոպտօրէն ոտնահարած է մեր տարածքային ամբողջականութիւնը եւ մեր ինքիշխանութիւնը ճանչցող միջազգային պայմանագրերը, յարձակած է Ազերպայճանի վրայ, մեր տարածքներու գրաւման ընթացքին իր ռազմամթերքի մեծ մասը թաքցուցած է միջազգային վերահսկողական գործիքակազմերէն՝ զանոնք ապօրինաբար տեղադրելով մեր երկրի տարածքին մէջ”,– նշած է ան։
Ազերպայճանցի դիւանագէտը քաղաքական շահարկում որակած է այն հաւաստումները, թէ Երեւան լուրջ մօտեցում ունի խաղաղութեան գործընթացի նկատմամբ։ Իբրեւ այս ըսածին ապացոյց՝ Հաճիզատէ յղում ըրած է վարչապետ Փաշինեանի նախորդ օր կատարած յայտարարութեան՝ սպառազինութիւն գնելու եւ ռազմարդիւնաբերութիւնը ընդլայնելու վերաբերեալ։
“Այսօրինակ կողմնակալ յայտարարութիւնները խոչընդոտ կը հանդիսանան տարածաշրջանին՝ միջազգային օրէնքի սկզբունքներու վրայ հիմնուած հետագայ զարգացման ու յառաջընթացին”,– յայտարարած է ան՝ պնդելով, թէ Ազերպայճան պիտի շարունակէ խաղաղութեան հաստաման ջանքերը եւ կ՚ակնկալէ, որ Հայաստան համարժէք քայլերու կը ձեռնարկէ ոչ թէ խօսքով, այլ գործով։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։