Search
Close this search box.

Պաքու կը փորձէ խաբել համաշխարհային հանրութիւնը՝ խաղալով Արցախի ղեկավարութեան «բաց դատավարութիւն»

 

Փաստաբանները իբրեւ թէ բանտարկութիւնը «տնային կալանք»-ով փոխարինելու դիմում ներկայացուցած են

Ազերպայճանի իշխանութիւնները կը փորձեն խաբել միջազգային հանրութիւնը՝ խաղալով «բաց դատավարութիւն» Արցախի Հանրապետութեան նախկին ղեկավարներու կեղծուած դատավարութեան մէջ։

Յիշեցնենք, որ այս «գործով» երկրորդ դատական նիստը տեղի ունեցած է Յունուար 21-ին։ Մեղադրեալներուն ձեւական առումով կը տրամադրուին փաստաբաններ եւ թարգմանիչներ, իսկ ձեւական առումով փաստաբաններուն կը թոյլատրուի նոյնիսկ դիմումներ ներկայացնել։ Այսպէս, ազերպայճանական լրասփիւռները կը հաղորդեն, թէ փաստաբաններէն ոմանք այս երկրորդ նիստին՝ բանտարկութիւնը տնային կալանքով փոխարինելու դիմում ներկայացուցած են, որուն հետեւած են մեղադրող կողմի եւ «տուժողներու» առարկութիւնները։

Ի դէպ, այս «գործով» որպէս «տուժող» կը հանդիսանայ 531 հազար հոգի։ Ասոնք «գաղթականներն» են՝ Արցախի յարակից եօթը շրջաններու ազերպայճանցիները, որոնք լքած են Հայաստանը եւ Արցախը Ազերպայճանի կողմէ սանձազերծուած հակամարտութեան հետեւանքով։

Մեղադրող կողմին դատարանին մէջ կ’աջակցին վեց դատախազներ։

Ըստ նոյն աղբիւրներուն՝ դատարանը խափանման միջոցի վերաբերեալ իր որոշումը պիտի հրապարակէ Յունուար 27-ին։ Այդ օրը նաեւ տեղի կ՚ունենայ Ռուբէն Վարդանեանի դատավարութիւնը:

***

Ամէն օր ափ ի բերան կը հետեւինք ազերպայճանական գիւտարար մտքին, որ ինքզինք կը գերազանցէ։ Խարդաւանանքի բնագաւառին մէջ ինչպիսի՛ հանճար պէտք է ըլլալ, նման հնարքի համար՝ «բանտարկութիւնը փոխարինել տնային կալանքով»։ 

«Հայցել տնային կալանք» մարդոց համար որոնք զրկուած են ոչ միայն իրենց տունէն-տեղէն, ամէն ինչէն, այլեւ՝ հայրենիքէ՛ն։ Ենթադրենք, որ ազերպայճանական «բարեացակամ ու մարդասէր» արդարադատութիւնը ընդառաջէ այդ դիմումին։ Եւ յետո՞յ։ Ո՞ւր պիտի պահուին հայ գերիները «տնային կալանք»-ի տակ, պանդոկի մը սենեա՞կը, ամարանոց տե՞ղ մը, թէ՞ անոնք պիտի կարենան վերադառնալ Արցախի իրենց բնակարանները եւ կամ արդեօք պիտի ղրկուին Հայաստա՞ն։ 

Պահը բնա՛ւ պատեհ չէ զուարճութեան, որքան ալ ազերպայճանական հանճարեղ միտքը փորձէ կուշտուկուռ խնդացնել մեզ։